Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք
Ճիշդ է, որ համատարած պատերազմի ժամանակը տակաւին չէ հասունցած, սակայն այսօր պատահած եղելութիւնը տակաւին երկար ժամանակ, պիտի հանդիսանայ լուրջ քննարկումներու նիւթ եւ առարկայ, մանաւանդ անոնց համար, որոնք շատ ծանր կը տանին «Հըզպալլա»ի այսօր ներկայացուցած դէմքը, ներուժը, եւ ռազմական ներկայութիւնը։
Ըսեմ նաեւ, որ գալիք փուլերուն «Հըզպ»ին համար ամէնաէականը օրակարգը պիտի ըլլայ «մաքրել» իր ներսը, որովհետեւ առանց այդ «մաքրութեան» նման արարքներ եւ գրոհներ Իսրայէլի համար ու անոր ունեցած ռազմական ունակութիւններուն համար պարզապէս խաղ ու պար պիտի ըլլան...։
Յառաջիկայ ժամերը բաւական «տրամաթիք» կրնան ըլլալ Լիբանանի համար։
Գրած էի աւելի վաղ, որ Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնները «հեռավար» պատերազմի մը շերտը բանալով յաջողած էին ներթափանցել «Հըզպալա»ի ցանցային կապի մէկ համակարգը, որուն սարքերը (շատերդ անշուշտ կը յիշէք երկար տարիներ առաջ օգտագործուած «Բէյճըր»ները) մէկիկ-մէկիկ պայթած էին պատճառելով հազարաւոր վիրաւորներ ու նախնական տուեալներով կան ինը զոհեր։
Լիբանանեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ եղած ցնցումը զգալի դարձած է, ոչ միայն Լիբանանի հարաւային շրջաններուն, այլ նոյնպէս Պէյրութի, Պեքաայի եւ նոյնիսկ Սուրիա գտնուող «Հըզպալլա»ի զինեալներուն մօտ։
Նոյն ուղղութեամբ ամերիկեան «Աքսիոս»ը կը հաղորդէ, որ եղած «գործողութիւն»ը ստացած է Նաթանիահույի «օրհնութիւն»ը եւ «կանաչ լոյս»ը եւ կերպով մըն ալ Իսրայէլի քաղաքական շրջանակները «պատահար»ը համարած են յաղթանակ ու նաեւ «Հըզպալլա»ի վրայ «ներքին ճնշում» բանեցնելու «միջոցառում»։
Եղածը խորքին մէջ գրեթէ քսան տարի առաջ (2006)նոյն «Հըզպալլա»ի կողմէ կիրառուած «անկանկալի գործօն»ին պատասխան-նամակ մըն է, որ կը փորձէ հաւասակշռութիւն մը բերել «Հըզպալլա»ի իսրայէլեան նաւ մը ընկղմել տալու գործողութիւնէն ետք, որ այդ օրերուն համարուեցաւ «մեծ յաղթանակ» մը «Հըզպ»ին եւ ամբողջ դիմադրական «մանզումա»ին համար։
Իրավիճակը այս ժամերուն բաւական լարուած է ու Իսրայէլ զգօն կերպով կը հետեւի կացութեան վախ ունենալով, որ «Հըզպալլա»ն իր կարգին կը փորձէ այլ որակներու եւ բաւական անակնկալ բերող արարքներու երթալ։
Կա՞յ, առկայ է՞ մեծ պատերազմի վտանգ, այո ի հարկէ կայ եւ գոյութիւն ունի նման վտանգ, ու ամէն ինչ կախեալ է «Հըզպալլա»ի պատասխան-հարուածէն։
Իսրայէլ, որ հանգիստ չէ Լիբանանի հետ սահմանային շրջաններուն մէջ եղած վիճակներէն ու «Հըզպ»ի անդրդուելիութիւնէն, անշուշտ պիտի փորձէ «խաղի կանոններ»ը եւ ամէն գնով ետ մղել «Հըզպալլա»ն Իսրայէլի հետ սահմանային շրջաններէն...։
Իր կարգին «Հըզպալլա»ն կերպով մը «պարտաւոր է» պատասխան հարուած մը տալ Իսրայէլին, իսկ լռութիւնը կամ անտեսումը աւելիով կրնայ թուլացնել այդ կուսակցութեան ուժն ու դերը։
Գաղտնաբառը այս պարագային այն է, որ «Հըզպալլա»ն շատ խորքային կերպով ներթափանցուած է ու ատոր մասին կը պատմեն վերջին պատահարները նաեւ յիշեցնելով, որ այս նոր «Բէյճըր» սարքերու «սերունդ»ը, (որուն նկարն ալ զետեղած եմ) միայն վերջին ամիսներուն է, որ կուսակցութիւնը ձեռք բերած է։
Ո՞վ է ծախողը դեռ յայտնի չէ, սակայն այս կը խօսի բաւական լուրջ վիճակի մը, թուլութեան մը մասին, որուն վրայ հիմնուելով Իսրայէլ պիտի փորձէ ընել ամէն ինչ «Հըզպալլա»ն թուլացնելու համար։

Սպասենք։