Լիբանանի քաղաքացիներու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մուտքի արտօնութիւնները ժամանակաւորապէս դադրեցուած են։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Էլ Նաշրա» կայքէն։
Աղբիւրը, որ յղում կատարած է իմարաթեան «Ալ Ղատ» կայանին կը նշէ, որ Իմարաթի կառավարութիւնը սպառնալիքներ ստացած է լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնէն ու այդ պատճառով ալ դէպի Իմարաթ մուտքի բոլոր արտօնագրերը (վիզա) դադրեցուած են։
Լուրը մինչեւ այս պահը չէ մեկնաբանուած լիբանանեան աղբիւրներու կողմէ։