image

Արեւմուտքը կը փորձէ Հայաստանը ներքաշել հակառուսական ճամբար․ Լաւրով

Արեւմուտքը կը փորձէ Հայաստանը ներքաշել հակառուսական ճամբար․ Լաւրով

Արեւմուտքը կը փորձէ Հայաստանը ներքաշել հակառուսական ճամբար՝ Ռուսիոյ «որքան կարելի է շատ ցաւ» պատճառելու նպատակով․ այս մասին մայիս 22-ին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ Արտաքին եւ պաշտպանական քաղաքականութեան խորհուրդի նիստին իր ելոյթի ընթացքին։

«Արեւմուտքը կը փորձէ մեր դաշնակիցները բաժնել, նախ եւ առաջ՝ սկսելով մեր հարեւաններէն, ինչպէս ըրաւ Վրաստանի եւ Մոլտովայի պարագային, ինչպէս հիմա կ՚ընէ Ուքրանիոյ հետ, եւ ինչպէս հիմա կը փորձեն Հայաստանը ներքաշել նոյն սխալ տրամաբանութեան մէջ»,- ըսած է Լաւրովը։

Ան ընդգծած է, որ այս բոլորը կը կատարուի մէկ նպատակով։

«Ռուսիոյ որքան կարելի է շատ ցաւ պատճառել, եթէ կարելի է այդպէս ըսել, որ աւելի դժուար ըլլայ Ռուսիոյ պահպանումն ու ամրապնդումը՝ իբրեւ իսկապէս մեծ տէրութիւն եւ քաղաքակրթութիւն»,- շեշտած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարը։