«Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա վարակուած է «Քորոնա»ով։ Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Lebanon Files կայքը։
Մինչ լրատուական ծառայութիւններ ոչինչ հաղորդեցին Ժաաժայի առողջական վիճակին մասին, անդին ինք Ժաաժա դվիթերեան գրառում մը կատարեց Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ գրելով՝ «Բոլորս հաւատք ենք»։
Նշենք, որ նոյն կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի անդամներէն՝ Շաուքի Տաքքաշ նոյնպէս վարակուած է «Քովիտ»ով։