image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ նախարարը ներողութիւն խնդրած է Եգիպտոսէն եւ Եգիպտոսի ժողովուրդէն. Պատճա՞ռը

Լիբանանահայ նախարարը ներողութիւն խնդրած է Եգիպտոսէն եւ Եգիպտոսի ժողովուրդէն. Պատճա՞ռը

Սաատ Հարիրիի հրաժարեալ կառավարութեան անդամ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ, յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ներողութիւն խնդրած է Եգիպտոսէն եւ Եգիպտոսի ժողովուրդէն:

Այս առթիւ Կիտանեանի գրասենեակը հրապարակած է յատուկ հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս կ'ըսուի, թէ նախարարը, որ օրեր առաջ հարցազրոյց մը տուած է լիբանանեան անգլիատառ «Daily Star» պարբերականին, տարբեր թեմաներու մասին խօսելէ բացի, նշած է մամուլի դերի կարեւորութիւնը՝ ցանկացած երկրի զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման առընթեր: Ան այս առումով օրինակ բերած է Եգիպտոսը, նշելով, որ եգիպտացիք լաւագոյնս կը կատարեն իրենց երկիրը ճիշդ ձեւով ներկայացնելու համար աշխարհին եւ այդ առումով մասամբ յաջողած են:

Հարցազրոյցի ընթացքին նախարարը նաեւ թոյլ տուած է անարգալից բառեր՝ Եգիպտոսի եւ եգիպտացի ժողովուրդին հանդէպ, որոնց համար ալ այս հաղորդագրութեան ճամբով ներողամտութիւն կը հայցէ: