image

Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարարը Քիեւ ժամանեց

Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարարը Քիեւ ժամանեց

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուսը ժամանած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաք՝ Քիեւ:

Ան կ՚ուզէ ծանօթանալ ռազմաճակատին եւ հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) հետ կապուած վատթարացող իրավիճակին, ինչպէս նաեւ քննարկած հետագայ ռազմական օգնութիւնը Ուքրանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ։

Սա Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարի երկրորդ այցն է Քիեւ վերջին վեց ամիսներու ընթացքին։