Լիբանանի ճարտարարուեստի նախկին նախարար Ճօրճ Պուչիկեան շատ հաւանաբար խոյս տուած է երկրէն։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն։
Հայազգի նախկին նախարար Պուչիկեանի անունը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ իր պաշտօնը շահագործած ըլլալու եւ մեծագումար կաշառքներ վերցնելու մեղադրանքով։
Նաժիպ Միքաթիի կառավարութեան անդամ Պուչիկեանի անուան զուգահեռ շրջանառութեան մէջ դրուած էր առեւտուրի նախարար Ամին Սալամի անունը եւ վերջինս ներկայիս կը գտնուի բանտի ճաղերու ետին։
Լիբանանեան խորհրդարանի անդամ եւ երկրի պաշտպանութեան նախկին նախարար Էլիաս Ապու Սահըպ, որ Պուչիկեանի մասին հարցումի մը պատասխանած էր նշած էր, որ մինչեւ այս պահը տեղեակ չեն, որ ուր կը գտնուի մեղադրանքերու առաջ կանգնած հայազգի նախկին նախարարը։
Նշենք, որ աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ նախկին նախարարը, որ մինչ այդ կը գտնուէր Կիպրոս մեկնած է դէպի Գանատա։ Այդ մասին յայտնած է նախարարը ինք, կարճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ու նշելով այն պատճառները, որոնց հիմքով ներկայ փուլին ճիշդ կը գտնէ Լիբանանէն հեռու մնալը։
Այսօր չորեքշաբթի կը սպասուի, որ երկրի խորհրդրարանը նիստ մը գումարելով քննէ Պուչիկեանը աձեռնմխելիութենէ զրկեու առաջարկը։