image

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը. Խորհրդային Միութենէն մնացած «ժառանգութիւն». The Independent Arabia

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը.  Խորհրդային Միութենէն մնացած «ժառանգութիւն». The Independent Arabia

26 Սեպտեմբեր 2020-ին, Գարեգինին ընտանիքը տասնութ մոմեր մարեց, տօնելով փոքր որդիին՝ Մհերին տասնութ ամեակը։ Քանի մը ժամ ետք, 27 Սեպտեմբերին, ընտանիքը հեռաձայն ստացաւ, որպէսզի անդրանիկ զաւակը՝ Վազգէնը (23 տարեկան), միանայ բանակին, ԼՂ-ի վրայ ատրպէյճանական ուժերու օդային անակնկալ յարձակման պատճառով։ Քիչ ժամանակ անց, կանչուեցաւ նաեւ միջնեկ որդին՝ Դաւիթը։ Երբ պատերազմը սաստկացաւ, տան հայրը, իբրեւ կամաւոր հետեւեցաւ իր երկու որդիներուն։ 14 Հոկտեմբերին, Հատրութէն Երեւան ապաստանած ընտանիքին հասաւ հօր ու երկու զաւակներուն նահատակութեան լուրը։ 

Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցող հակամարտութիւնը ամենաերկարն է յետխորհրդային Եւրասիոյ մէջ։ Միջազգայնօրէն Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցուած է որպէս Ատրպէյճանի մաս։ Այս հակամարտութիւնը հինէն գոյութիւն ունի, որ սկսած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, ռուսական կայսրութեան փլուզումէն ետք։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան 94 տոկոսը հայեր են։ Անոնք, Լեռնային Ղարաբաղին կու տան «Արցախ» անունը։ 

 

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնները

1923

Խորհրդային միութիւնը պաշտօնապէս կ՚որոշէ, մեծամասնութեամբ հայաբնակ ԼՂ-ն յանձնել Ատրպէյճանին, իսկ Հայաստանին մաս կազմող Նախիջեւանը, ուր մեծաւ մասամբ ատրպէյճանցիներ կը բնակին,   «թողնել»  Ատրպէյճանի կառավարման։ 

1988

Ղարաբաղեան Խորհրդային Կոմիտէն պաշտօնապէս կը խնդրէ Մոսկուայէն միանալ Հայաստանին։ Ազերիներու կողմէ Սումկայիթի եւ Կիրովապատի մէջ բռնութիւններ տեղի կ՚ունենան տեղի հայերուն դէմ եւ նուազագոյնը երեսուն անձ կը սպաննուի եւ մեծ թիւով հայեր կը գաղթեն։

1992

Լայնածաւալ պատերազմ մը ընթացք կ՚առնէ  եւ երկու կողմերէն  կը սպաննուին  մօտ երեսուն հազար հոգի եւ մօտ մէկ միլիոն հոգի տեղահան կ՚ըլլայ։ Ազերիները կը լքեն ԼՂ-ն, իսկ հայերը Ազրպէյճանի մէջ իրենց տուները լքելով կը հեռանան։

1994

Զինադադարի համաձայնութիւն կը կնքուի, որուն հիման վրայ ԼՂ-ն կ՚անցնի Հայաստանի տիրապետութեան, անոր շուրջ գտնուող յաւելեալ եօթ շրջաններով։

2001-2016

Բախումները եւ հակամարտութիւնները կը շարունակուին երկու կողմերու միջեւ, եւ խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելու ամերիկեան ու ռուսական միջամտութիւնները կը ձախողին։

2016

Ապրիլ ամսուան ընթացքին, անջատման գիծին վրայ՝ սահմանին, քառօրեայ պատերազմը տեղի կ՚ունենայ եւ երկու կողմէն հարիւրաւոր զոհեր կ՚արձանագրուին։

2020

12 Յուլիսին, մարտական բախումներ տեղի կ՚ունենան ատրպէյճանական Թոֆոզ շրջանէն մինչեւ հայկական Տաւուշ երկարող գիծին վրայ։ Տասնվեց հոգի կը զոհուի։ 

27 Սեպտեմբերին պատերազմ կը բռնկի եւ կը տեւէ վեց շաբաթ, որուն ընթացքին կը սպաննուի աւելի քան եօթը հազար զինուոր եւ հարիւր եօթանասուն քաղաքացի, անոնց շարքին՝ երեխաներ եւ տարեցներ։ 

10 Նոյեմբերին

Երկրորդ համաձայնագիր մը կը կնքուի, որուն միջոցով Ատրպէյճան կը գրաւէ այն սահամանային եօթը շրջանները, որոնք հայերուն իշխանութեան տակ էին։

2022

3 Օգոստոսին Ատրպյճան կը յայտարարէ, որ տիրած է ԼՂ-ի զանազան բարձունքներ։ Տարբեր առիթներով  բախումներ տեղի կ՚ունենան երկու կողմերու միջեւ։

 

Առաջին եւ երկրորդ զինադադարներու ձախողութիւնը

1994 թուականի զինադադարի համաձայնագիրը չխանգարեց, որ տարիներու ընթացքին, ժամանակ առ ժամանակ որոշ բախումներ եւ մահեր  գրանցուին։ 2020 թուականին, բռնկեցաւ պատերազմը, որ տեւեց վեց շաբաթ, որու պատճառով, ըստ միջազգային ճգնաժամային խումբին զոհուած է աւելի քան 7000 զինուոր եւ 170 քաղաքացի եւ ուրիշ  հարիւրներ՝ վիրաւորուած։ Ըստ Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբին, մօտ 300 մարդ կորսուծ է:  Պատերազմը աւարտեցաւ, Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, երկու կողմերու հաշտութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, ըստ որուն՝ Ատրպէյճանը գրաւեց 1994 թուականի պատերազմէն ի վեր հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող եօթը նահանգները՝ ի լրումն այլ շրջաններէն հայկական ուժերու դուրս բերման եւ հակամարտող երկու կողմերու սահմաններուն, ռուսական ու թուրքական խաղաղապահ ուժերու տեղակայման։

Հակառակ առաջին զինադադարին, 2021 թուականին լարուածութիւնը կանգ չառաւ, քանի որ Ատրպէյճանը խախտեց պայմանաւորուածութիւնը՝ սահմանային յարձակումներ սկսելով ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Հայաստանի Սիւնիք մարզին վրայ։ Երկու կողմերէն կրակոցները շարունակուեցան ամբողջ Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն՝ առանձին-առանձին միջադէպերով։  2022 թուականի Օգոստոսին եւ Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ամենաթէժ մարտերէն մէկը, երբ Ատրպէյճանը գրաւեց Լեռնային Ղարաբաղի մի քանի ռազմավարական բարձունքներ, եւ երկու կողմէն աւելի քան 300 մարդ զոհուեցաւ:

Նախապատերազմեան ընդհանուր բնակչութեան թիւը կը կազմէր մօտ 150,000, որուն աւելի քան 30,000-ը կ՚ապրէր այժմ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն վրայ, եւ անոնք բոլորը տեղահանուեցան: Ըստ հայկական պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն՝ մարտերուն ընթացքին տեղահանուած է մօտ 42,000 մարդ, որոնց կէսը մնացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, իսկ միւս կէսը բնակութիւն  հաստատած է Հայաստանի մէջ։ 

 

Տուներու հրկիզումը

Վեցշաբաթեայ պատերազմի դաժան տեսարաններէն մէկը՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն հեռանալէն ետք, հայերուն տուներուն հրկիզման տեսահոլովակն էր: Ըստ արեւմտեան լրատուամիջոցներու հրապարակածին, հայերը, փախչելէն առաջ այրած են իրենց տուները, որպէսզի ատրպէյճանցիներուն չձգեն զանոնք։ Սակայն, Ղարաբաղէն Հայաստան տեղափոխուած շարք մը քաղաքացիներ «The Independent Arabia»-ին տուած հարցազրոյցներուն մէջ, ոմանք ըսած են, որ ատրպէյճանցի զինուորները այրած են այդ տուները։

Հատրութէն  խոյս տուած եօթանասունամեայ տատիկը՝ Կրէթան, որուն հետ «The Independent Arabia»-ն հանդիպեցաւ Երեւանի մէջ, փախստականները հիւրընկալող հանրակացարանին մէջ, պատմեց. «Ձգեցինք առանց ոչ մէկ բան առնելու։ Հոն ձգեցինք մեր հագուստները, մեր անասունները եւ նոյնիսկ մեր անձնական փաստաթուղթերը։ Ֆէյսպուքի մէջ տեսայ, որ ինչպէս տունս կ՚այրի»։ 67-ամեայ Նուշիկը հաստատած է ըսելով. «Մենք գիտենք, որ ատրպէյճանցիները ամէն ինչ այրած են, քանի որ կ՚ըսեն, որ մեր անկողինները պիղծ են»:

Այս հակամարտութեան ընթացքին երկու կողմերը զիրար մեղադրած են պատերազմական յանցագործութեան մէջ։ 

 

Աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հին է եւ բարդ։ Թէեւ անոր մէջ կը գերակշռէ էթնիք  պատկանելութիւնն ու ազգայնականութիւնը, սակայն ան կապուած է Կովկասի տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան հետ, որ կը ներառէ ոչ միայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, այլեւ՝ Թուրքիան, Ռուսաստանը, Իրանը եւ այլ կողմեր։ Թէեւ Ռուսաստանին համար Կովկասը աւանդական տարածք է, սակայն ան թուրքերու ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի, ուր անոնք կը ձգտին տարածել իրենց ազդեցութիւնը՝ ամրապնդելով իրենց յարաբերութիւնները Ատրպէյճանին եւ Կեդրոնական Ասիոյ մեծ մասին հետ:

Այս ընդհանուր պատկերին մէջ իր առանձին տեղը ունի Հայաստանի հարաւը գտնուող Սիւնիքի մարզը, որ միակ խոչընդոտը կը հանդիսանայ թուրք ժողովուրդներուն, իրենց ազգային, տնտեսական նախագիծին մէջ, քանի որ ան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ճանապարհը կը կտրէ, ինչպէս նաեւ կը բաժնէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի ինքնավար նահանգէն, որ կը գտնուի հայկական հողերուն մէջ։

Առեւտրային ճանապարհներու երկայնքով իր ռազմավարական աշխարհագրական դիրքին շնորհիւ, Սիւնիքի մարզը կը նպաստէ տարածաշրջանի մէջ հակամարտութիւններու սրման, քանի որ ան կապուած է, Վրաստանի տարածքով՝ Հնդկաստանը Սեւ ծովին կապող առեւտրային միջանցք ստեղծելու նախաձեռնութեան հետ, որուն վրայ Պաքուն եւ Անգարան կը փորձեն վերահսկել, որպէսզի ան դառնայ Թուրքիան Կեդրոնական Ասիոյ հետ կապող միջանցք մը։

Թերեւս այս ձգտումները կը բացատրեն, թէ ինչու Թուրքիա մեծ աջակցութիւն ցոյց տուաւ Ատրպէյճանին,  Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մէջ։ 2020 թուականին, Թուրքիան վեցապատիկ աւելցուցած է անօդաչու թռչող սարքերու, հրթիռներու եւ ռազմական այլ սարքերու արտածումը  դէպի Ատրպէյճան Արեւմտեան երկիրները, յատկապէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը մեղադրած է Անգարան, Սուրիայէն վարձկաններ տեղափոխելու  եւ  Պաքուին բացայայտ  կերպով  աջակցելու  առընթեր։Սակայն Թուրքիան հերքած է այս մէկը։

 

 

 Նիւթը՝    Independent Arabia-էն 

 Հեղինակ՝ Անճի Մաժտի 

  «Արեւելք»ի համար  թարգմանեց՝ Ն. Տաղլեան