Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ անոր թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտան միտքեր փոխանակած են շարք մը միջազգային հարցերու, այդ շարքին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի շուրջ:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ յունուար 22-ին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ կայացող միջոցառումներու շրջածիրէն ներս, յայտնած է Ռուսիոյ դիւանագիտական գերատեսչութեան կայքը։
Բանակցութիւններու ընթացքին Լաւրովն ու Ֆիտանը հաստատած են Մերձաւոր Արեւելքի եւ Անդրկովկասի մէջ հրատապ խնդիրներու լուծմանն ուղղուած քայլերը համակարգելու անհրաժեշտութիւնը։
«Հաստատուած է մեր երկիրներու քայլերը համակարգելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի շահ տարածաշրջանային սուր խնդիրներու փոխընդունելի լուծումներ գտնելու, առաջին հերթին՝ կապուած Կազայի հատուածի, Սուրիոյ, ընդհանուր առմամբ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Սեւ ծովու գօտիին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Անդրկովկասի մէջ իրավիճակի հետ»,-ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։