Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ապրիլ 12-ին պիտի այցելէ Թուրքիա, ուր պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին, չորեքշաբթի ճեպազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Ապրիլ 12-ին Սերկէյ Լաւրով Թուրքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի հրաւէրով պիտի այցելէ Թուրքիա՝ մասնակցելու Անթալիոյ 4-րդ դիւանագիտական ֆորումին։
Միջոցառման ընթացքին նախատեսուած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի ելոյթը եւ երկկողմ հանդիպումները օտարերկրեայ գործընկերներու հետ։ Կ՚ակնկալուի, որ պիտի քննարկուին միջազգային օրակարգի առանցքային հայեցակէտերը, այդ շարքին՝ իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի, Անդրկովկասի, Սեւծովեան տարածաշրջանի մէջ, ինչպէս նաեւ առանձին պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու արդի հարցեր»,-ըսած է ան։