image

Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին նշեց Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ նախավկային տօնը

Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին նշեց Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ նախավկային տօնը

Լաթաքիոյ մէջ, օրերս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբզ. Արք. Աշգարեանի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Լաթաքիոյ Հայութիւնը տօնած է Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ նախավկային տօնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի դիմատետրեան էջէն, ուր, մասնաւորապէս, գրուած է՝

Բարձր հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբզ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024-ին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ յընթացս Ս. և անմահ Պատարագին, Լաթաքիոյ Հայութիւնը տօնեց և նշեց Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին և Քրիստոսի եկեղեցւոյ նախավկային տօնը։

Եկեղեցւոյ սարկաւագները գլխաւորութեամբ պատարագիչ Քհնյ. հօր և եկեղեցւոյ հովիւին Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեանի, կազմեցին թափոր դպրացդասի (Ստեփանոս գաղցրիկ տատրակ), երգեցողութեամբ և ձեռքերնին ունենալով մոմեր։ Քհնյ. հայրը իր քարոզին ընթացքին անդրադարձաւ սուրբին վարքագիծին մասին, որ յիշուած է Գործք Առաքելոց գրքին մէջ, ապա իր խօսքը ուղեց սարկաւագներուն, որոնք սուրբին օրինակով և հոգիով ուխտած են ծառայել Տիրոջ եկեղեցիին ու Ս. Սեղանին և հաւատացեալներուն։

Քհնյ. հայրը քաջալերեց սարկաւագներուն, որ միշտ ըլլան ծառայասէր, հեզ ու խոնարհ ու սիրալիր, ըլլան վկաները Քրիստոսի իրենց ծառայութեամբ և պարկեշտ, բարիով ի գործ դնեն բոլոր, այն շնորքները, որ Տէրը պարգեւած է իր ծառաներուն։

Աւարտին Քհնյ. հայրը բարձր քնահատեց և շնորհաւորեց թեմիս բարեջան Առաջնորդին Գերշ. Տ. Մակար Սրբզ. Արք. Աշգարեանին անունով և անձնապէս, թէ սարկաւագներուն և թէ բոլոր անոնք, որոնք կը ծառայեն եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս, ինչպէս թաղական խորհուրդը, տիկնանց յանձնախումբը, դպրացդասն ու դպիրները, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցաչ կազմը։

Իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ի յիշատակ եկեղեցւոյ հանգուցեալ նախկին ծառայողներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, ապա հաւատացեալ ներկաները շնորհաւորեցին սարկւագներուն իրենց տօնին առթիւ։