image

Համերաշխութեան ձեռնարկ՝ Իսքենտէրունի (Աղէքսանտրէթ) Ս. Քառասուն Մանուկ Եկեղեցւոյ hամար

Համերաշխութեան ձեռնարկ՝ Իսքենտէրունի (Աղէքսանտրէթ) Ս. Քառասուն Մանուկ Եկեղեցւոյ hամար

2023-ի Քահրամանմարաշի երկրաշարժէն ծանրօրէն վնասուած Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աջակցելու նպատակով, օրերս, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուեցաւ համերաշխութեան ձեռնարկ։

Եկեղեցւոյ վերականգնման ծրագիրը կը գնահատուի շուրջ 77 միլիոն թրքական լիրա, մինչեւ այժմ պետութիւնը տրամադրած է 5 միլիոն լիրայի աջակցութիւն, իսկ մնացեալ գումարի զգալի մասը նախատեսուած է ապահովել համայնքի նուիրատուութիւններով։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ինչպէս ծանօթ է, 2023 թուականի Քահրամանմարաշի երկրաշարժի հետեւանքով ծանրօրէն վնասուած էր նաեւ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Այս հաւատքի օճախի վերանորոգութեան աջակցելու նպատակով, երէկ, 2 Օգոստոսին համերաշխութեան ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։ Մասնակցեցաւ Կղզեաց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան Դպրաց Դասու կողմէ, առաջնորդութեամբ Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի, երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Ս. Պատարագը մատոյց Գաւառի Հայոց Հոգեւոր Տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ներկայ էին Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան։ Մասնակցեցան նաեւ Պոլսոյ զանազան հաստատութիւններէն վարիչներ եւ անդամներ։

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզելով Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց սիրոյ արտայայտութեան կարեւորութիւնը։ Ըսաւ որ Քրիստոսի խօսքերու եւ ուսուցումներուն մէջ սիրոյ ներկայութիւնը եւ սէրը գործնական ձեւով զգացնելու ոճը զգալի է։ Իսքէնտէրունի երկրաշարժը պատճառ դարձաւ որ, համայնքի անդամներէն նոյնիսկ ոմանք մեռնին։ Երկրաշարժը պատճառ եղաւ, որ քաղաքի ժողովուրդի կեանքը խափանուի։ Այս իրավիճակէն ազդուեցաւ նաեւ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին եւ բաւական մեծ վնաստներ ունեցաւ։ Այս եկեղեցին պատմութեան մէկ մասնիկն է։ Այսօր եկեղեցին կարիքը ունի օգնութեան եւ այս առումով հայ ժողովուրդը երախտապարտ է նախ Տ. Աւետիս Քահանային, Ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեանին եւ իրենց ընտանիքներուն, որոնք այս դժուարին պայմաններուն մէջ կը փորձեն շրջանի հայ ժողովուրդին հասնիլ եւ իրենց հոգեւոր ու մարդկային նեցուկ ապահովել։ Անոնք այս շաբաթավերջին Կղզեաց Հայր Սուրբին եւ Թաղային Խորհուրդին հրաւէրով եկան Գնալը Կղզի, որպէսզի իրենց ներկայութիւնը զգալի դառնայ եւ իրենց ձայնը լսելի դառնայ Պոլիսի եւ արտասահմանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Աստուած օգնական ըլլայ իրենց եւ եկեղեցաշինութեան այս գործը յաջողութեամբ թող պսակուի։

Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան եկեղեցւոյ հիմնադիրները, հոգեւոր սպասաւորները, վարիչները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Յիշատակուեցան նաեւ անոնք, որոնք երկրաշարժի պատճառաւ Հաթայի մէջ վախճանած են։

Կրօնական արարողութեան աւարտին Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ նախաճաշ եւ զօրակցութեան հաւաքոյթ սարքուեցաւ։

Արտայայտուեցաւ Ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան եւ տեղեկութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ համալիրի ներկայ վիճակին մասին։ Ան յայտնեց, թէ նախապէս նախատեսուած քանդումի որոշումը կասեցուած է գործադրուած ջանքերուն շնորհիւ, սակայն եկեղեցւոյ գլխաւոր աղօթասրահը, տանիքն ու պատերը տակաւին ծանր կառուցուածքային վնասներ ունին։ Թապաշեան նաեւ նշեց, որ երկրաշարժէն ի վեր եկեղեցական արարողութիւնները կը շարունակուին ժամանակաւոր սեղանով, աւելցնելով, թէ պետութիւնը վերանորոգման համար յատկացուցած է 5 միլիոն թրքական լիրայի աջակցութիւն, մինչդեռ ամբողջ ծրագրի արժէքը կը հասնի մօտաւորապէս 77 միլիոն լիրայի, որուն զգալի մասը կը նախատեսուի ապահովել համայնքի նուիրատուութիւններով։

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Պատրիարք Հօր, Արամ Գուրանին, նաեւ հիւրընկալութեան համար Հայր Յարութիւնին եւ Լեւոն Շատեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի համար։ Յուշանուէրներ յանձնուեցան՝ Արամ Գուրանին, Լեւոն Շատեանին եւ Պատրիարք Հօր։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին Հայր Յարութիւն եւ Աւետիս Քահանան։