Օրերս Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքին մէջ նախաձեռնութեամբ տեղի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին տեղի ունեցած են յաւուր պատշաճի արարողութիւններ յարգելով յիշատակը ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի բոլոր նուիրեալ ննջեցեալներուն։
Արարողութեանց հանդիսապետած է Լաթաքիոյ յարգուած ծխական Տէր Հայր՝ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկերեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Նախաձեռնութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի Վարչութեան, Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2023ին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հին ու նոր ննջեցեալներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նահատաներու յիշատակին, ներկայութեամբ տարազաւոր սկաուտներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Գանձասար սրահ, ուր ընթերցուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի Վարչութեան սրտի խօսքը եւ մատուցուեցաւ հոգեսուրճ։