Օրեր առաջ սխալի հետեւանքով զոհուած է մեր հայրենակից Աւետիս Արամ Աաստուրի։
Դէպքը տեղի ունեցած է Լաթաքիոյ Սալմա շրջանի «Հազարին» ձորին մէջ։
Ըստ Սուրիոյ Ներքին Գործոց նախարարութեան հաղորդմամբ դէպքը տեղի ունեցած որսորդական պտոյտի մը ընթացքին եւ սխալ կրակոցի հետեւանքով Աւետիս կորսնցուցած է իր կեանքը։
Դէպքին վայրը ժամանած են շրջանի իրաւապահ մարմիններ եւ արագօրէն քննութիւններ բացած։
Հետաքննութեանց արդիւնքով ձերբակալուած են որսորդական խումբին մաս կազմող անհատներ, որոնք կը կրեն՝ Յակոբ, Կարօ ,Վաննէս, Եամէն, Դաւիթ եւ Խորէն անունները։
Նախնական տուեալներով կրակը բացուած է Յակոբի հրացանային զէնքէն, որուն հետեւանքով ալ զոհուած է մեր հայրենակից՝ Աւետիս Արամ Ասատուրը (Ծնեալ Եագուպիյէ 50 տարեկան)։