image

Լաչինի միջանցքի հարցը պիտի լուծուի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ. ՌԴ ԱԳՆ

Լաչինի միջանցքի հարցը պիտի լուծուի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ. ՌԴ ԱԳՆ

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ մամուլի բաժնի փոխտնօրէն Իւան Նեչաեւ ճեպազրոյցի ընթացքին նշած է, որ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակէ մնալ Մոսկուայի ուշադրութեան կեդրոնը։

Ինչպէս նշած է news.ru-ն, Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, վերջին սրացումներու վերաբերեալ, արդէն իսկ կողմերուն զսպուածութեան եւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու պահպանման կոչ ըրած է։ Բոլոր հարցերը, այդ շարքին՝ Լաչինի միջանցքի շուրջ, պէտք է լուծուին ատոնց հիման վրայ, ըսած է Նեչաեւ։

Ան նաեւ  աւելցուցած է, որ Ռուսիան մշտական կապի մէջ է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ։ Ան ընդգծած է, որ այդ միակ ճանապարհն է՝ գտնելու լուծում, որ կը գոհացնէ բոլոր կողմերը։