Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ԲՀԿ-ի դիմաց հաշուեց 3.893%՝ փաստացի նշելով, որ չի մտներ Ազգային Ժողով։
Ազգային Ժողովի մանտաթները կը բաշխուին հետեւեալ կերպ․
Ազգային փոքրամասնութիւններու համար նախատեսուած մանտաթներէն ՔՊ-ն ստացած է երեք, իսկ «Ուժեղ Հայաստանը»՝ մէկ մանտաթ։
Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանի՝ 2026 թուականի յունիս 7-ի հերթական ընտրութիւններու հրապարակած արդիւնքներու ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած ընտրողներու ընդհանուր թիւը՝ 2 մլն 503 հազար 990,
քուէարկութեան օրը ընտրական տեղամասին մէջ կազմած ընտրողներու լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընտրողներու ընդհանուր թիւը՝ 1126, շրջիկ արկղով քուէարկող ընտրողներու լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընտրողներու ընդհանուր թիւը՝ 1300, ելեկտրոնային եղանակով քուէարկության մասնակից ընտրողներու թիւը՝ 410, ընտրողներու ընդհահնուր թիւը՝ 2 մլն 506 հազար 826, քուէարկութեան մասնակիցներու ընդհանուր թիւը կազմած է 1 մլն 476 հազար 769 կամ 58.9 տոկոս։
Տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներուն յատկացուած ինքնասոսնձուող դրոշմանիշներու ընդհանուր թիւը՝ 2 մլն 605 հազար 100, տեղամասային ընտրական յանձնաժողովին յատկացուած համարակալուած կտրոններու ընդհանուր թիւը՝ 204 հազար, ընտրողներէն ստացուած տեխնիկական սարքաւորմամբ տպուած կտրոններու ընդհանուր թիւը՝ 1 մլն 470 հազար 790, ընտրողներէն ստացուած համարակալուած քուէարկութեան կտրոններու ընդհանուր թիւը՝ 2298, ընտրողներէն ստացուած կտրոններու ընդհանուր թիւը՝ 1 մլն 473 հազար 88, չօգտագործուած համարակալուած կտրոններու ընդհանուր թիւը՝ 202 հազար 122, չօգտագործուած ինքնասոսնձուող դրոշմանիշներու ընդհանուր թիվը՝ 1 մլն 127 հազար 734, անվաւեր քուէաթերթիկներու թիւը՝ 16 հազար 210։
Յիշեցնենք, որ այսօր՝ ժամը 18:00-ին, ՀՀ վարչական դատարանի շէնքին մէջ (ք. Երեւան, Գ. Նժդեհի 23, 3-րդ յարկ, դատական նիստերու դահլիճ թիւ 18), քննուեցան «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած հայցերը՝ ԿԸՅ-ի 254 եւ 255 Ա որոշումներու դէմ, որոնցով երկու ընտրատեղամասերուն մէջ անվաւեր ճանչցուած են քուէարկութեան արդիւնքները։