Ուրախ ենք, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները յաջողութեամբ անցած են՝ խաղաղ եւ հանգիստ մթնոլորտի մէջ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Կը մաղթենք, որ ընտրութիւններու արդիւնքները օգտակար ըլլան Հայաստանի ժողովուրդին համար։
Յոյս ունինք, որ յետընտրական շրջանը ստեղծէ պայմաններ, որոնք պիտի նպաստեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման։
Այս նպատակով Թուրքիան պիտի շարունակէ նպաստել տարածաշրջանային կայունութեան եւ բարգաւաճման՝ հիմնուելով շրջանի երկիրներու ընդհանուր շահերուն վրայ»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։