image

Կը գործենք Պաքուի հետ համատեղ. Չաւուշօղլու

Կը գործենք Պաքուի հետ համատեղ. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «CNNTurk»-ի ուղիղ եթերով անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին: 

«Այս հարցերուն մէջ (Հայաստանի վերաբերեալ) Ատրպէյճանի հետ միասին կը խորհրդակցինք: Հայաստանէն ալ շատ դրական ուղերձներ կու գան: Մենք ըսած ենք, որ նոյն կերպով պիտի պատասխանենք այն դրական քայլերուն, որոնք Հայաստանը պիտի ընէ», մասնաւորապէս նշած է ան:

Չաւուշօղլուի խօսքով՝ Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ կը քննարկէ, թէ միասին ինչ քայլեր կրնան ընել:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը, կրկնելով, թէ «Հայաստանը որեւէ դրական արձագանգ չէ տուած Ատրպէյճանի խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու կոչին», ընդգծած է, որ Թուրքիան իր բոլոր որոշումները պիտի ընդունի Ատրպէյճանի հետ միասին: