image

Չաւուշօղլուն «Նեմեսիս»ի արձանին մասին. «Կ՚ակնկալեմ, որ կ՚ուղղեն սխալը»

Չաւուշօղլուն «Նեմեսիս»ի արձանին մասին. «Կ՚ակնկալեմ, որ կ՚ուղղեն սխալը»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կրկին անդրադարձած է «Նեմեսիս» գործողութեան մասնակիցներուն նուիրուած Երեւանի մէջ յուշարձանի բացման՝ որակելով այդ «անընդունելի քայլ»։

Ինչպէս յայտնած է «Անատոլու» գործակալութիւնը, ան այս մասին ըսած է խումբ մը ատրպէյճանցի լրագրողներու հետ զրոյցին:

«Այս անընդունելի քայլ է։ Մենք շարք մը պատասխան միջոցներու կը ձեռնարկենք՝ Հայաստանի համար փակելով օդային տարածքը երրորդ երկիրներ թռիչքներու համար։ Այսօր մենք կ'ակնկալենք, որ Երեւանը կ'ուղղէ այս սխալը»,- նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։

Ան նաեւ ըսած է, որ Անգարան Երեւանի հետ երկխօսութեան մէջ որեւէ նախապայման չէ առաջադրած։

«Մենք հայկական կողմին չենք ըսած՝ հրաժարուեցէք շինծու ցեղասպանութենէն, եւ այդ ժամանակ մենք որոշակի քայլերու կը ձեռնարկենք։ Երեւանը նաեւ իրաւունք չունի մեզի թելադրելու իր պայմանները»,- ըսած է Չաւուշօղլու։