image

Եթէ Արեւմուտքը ինչ-որ բան տայ Հայաստանին, ապա Թուրքիան նոյնը եռակի պիտի տայ Ատրպէյճանին. Մեւլութ Չաւուշօղլու

Եթէ Արեւմուտքը ինչ-որ բան տայ Հայաստանին, ապա Թուրքիան նոյնը եռակի պիտի տայ Ատրպէյճանին. Մեւլութ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որու մէջ զգուշացուցած է Արեւմուտքը՝ չհզօրացնել Հայաստանը:

«Թուրքիան Ատրպէյճանին եռապատիկ աւելին կու տայ, քան Արեւմուտքը կը փոխանցէ Հայաստանին: Եթէ Արեւմուտքը պատերազմ հրահրէ՝ կրկին հզօրացնելով Հայաստանը, ապա Թուրքիան կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի կողքին»,-ըսած է Չաւուշօղլուն եւ աւելցուցած, որ եթէ Արեւմուտքը ինչ-որ բան տայ Հայաստանին, Թուրքիան Ատրպէյճանին եռապատիկ աւելին պիտի տայ։

Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարարը նաեւ վստահեցուցած է, որ Ատրպէյճանը յաւակնութիւն չունի Հայաստանի հողերու նկատմամբ: