image

«Կը գործենք Ատրպէյճանի հետ համադրելով».Չաւուշօղլու

«Կը  գործենք Ատրպէյճանի հետ համադրելով».Չաւուշօղլու

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի, որոշ քայլեր առնուած են: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն:

«Այդ գործընթացը կը շարունակուի Ատրպէյճանի հետ համակարգուած։ Հայաստանի մէջ սա որոշակի մտահոգութիւն կ'առաջացնէ, բայց մենք ժողովրդավարական երկիր ենք։ Ինչքան ալ երկկողմանի ըլլայ կարգաւորման գործընթացը, մենք բոլորս պէտք է քայլեր ձեռնարկենք ողջ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան համար»,- ըսած է ան։

Չաւուշօղլուն Հայաստանին յորդորած է չշեղուիլ, ըլլալ անկեղծ այս հարցին մէջ. «Մենք անկեղծ ենք, կը տեսնենք, որ Ատրպէյճանը եւս անկեղծ է»։