image

Կովկասի հարցով Իրան ընդգծեց իր համար առկայ «Կարմիր գիծեր»ը

Կովկասի հարցով Իրան ընդգծեց իր համար առկայ «Կարմիր գիծեր»ը

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանի հետ։ Չորեքշաբթի Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ մեկնարկած են Իրանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ IRNA գործակալութիւնը։

Ապտըլ Լահեանն ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն Իրանի համար անընդունելի է, աւելցուցած է NEWS.ru կայքը։

Աւելի վաղ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին յայտարարած էր, որ երկիրը երբեք չընդունիր աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ Կովկասի մէջ։ Այս առումով, ըստ անոր, Իրան պատրաստ է նպաստելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման։ Ան անդրադարձած էր 2020 թուականին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած հրադադարի մասին եռակողմ համաձայնագրին, որով աւարտած էր 44-օրեայ պատերազմը։

Անոր կարծիքով՝ հրադադարի համաձայնագրին հաւատարիմ մնալը եւ մնացած հարցերու երկխօսութեամբ լուծելը լաւագոյն միջոցն է կովկասեան տարածաշրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու հանգստութիւնը վերականգնելու համար։