Իրաքի մէջ, «Կրօնքներու Երկխօսութիւն» ծրագիրին ծիրէն ներս, օրերս, Հայոց Թեմի Առաջնորդը ընդունած է Իրաքի կրօնական տարբեր համայնքներէ խումբ մը երիտասարդներ, որոնք տեղեկութիւններ ըմբոշխնած են հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ ծէսերուն մասին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքահայոց թեմի առաջնորդարանի տեղեկատուական գրասենեակէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը ամբողջութեամբ։
Իրաքի «Մէսարաթ» հաստատութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Կրօնքներու Երկխօսութիւն» ծրագիրին ծիրէն ներս, Երեքշաբթի օր, Ապրիլի 29ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդը իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իրաքի կրօնական տարբեր համայնքներէ խումբ մը երիտասարդներ, որոնք օգտուելով այս առիթէն տեղեկութիւններ ըմբոշխնեցին ու ծանօթացան հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ ծէսերուն մասին։
Հանդիպման աւարտին, Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր պարոն
Պերճ Թիւֆէնկճեանը հիւր երիտասարդներուն խօսեցաւ 1915 թուականին կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան և անոր հետեւանքներուն եւ ազդդեցութիւններուն մասին։