Շիրակի մարզին մէջ, Փետրուարի 5-ին դիմակաւորուած եւ զինուած աւազակային յարձակում տեղի ունեցած է. ժամը 03:35-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Կումայրիի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Կիւմրի քաղաքի Խանճեան փողոցի 9 հասցէին մէջ գործող վառելանիւթի կայարանի վրայ յարձակում տեղի ունեցած է:
Նշուած վառելանիւթի կայարանի հերթափոխի պետը ոստիկաններուն, այնուհետեւ ժամանած Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան քննիչներուն յայտնած է, որ ժամը 03:00-ի սահմաններուն վառելանիւթի կայարանի յարակից տարածքին մէջ նկատած է 2 դիմակաւորուած անձեր, եւ ինք գացած է հանգստի սենեակ, որմէ յետոյ իր ետեւէն դիմակաւորուածներէն մէկը մտած է սենեակ, ձեռքին եղած ինքնաձիգով կրակած է յատակին եւ իրմէ գումար պահանջած է:
Ինք այդ զինուած դիմակաւորին յայտնած է, որ գումարը կը գտնուի դրամարկղին մէջ եւ մի քանի վայրկեան ետք դուրս եկած ու նկատած է, որ դիմակաւորուած անձերը հեռացած են դէպքի վայրէն: Յետոյ պարզած է, որ դրամարկղէն յափշտակած են մօտ 150 հազար դրամ:
Փաստի առթիւ Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան աւագ քննիչ Խաչատրեանի կողմէ նիւթեր կը նախապատրաստուին: