Այս հետեւանքներու զարգացումը եւ տարածաշրջանային թէ համաշխարհային մասշտապը պիտի յստականայ մէյ մը որ սկսի իսրայէլեան ներխուժումը եւ յայտնի դառնայ անոր վախճանական նպատակը, որ ինքնին հանելուկ եղած է միշտ: «Համաս»-ի գործողութեան շոգին աննախընթաց բնոյթը երեւան կ’ելլէ նաեւ հակադարձութեան, այսինքն՝ ներխուժման, ծրագրումի այսքան երկարաձգման իրողութեան ընդմէջէն: Ըստ երեւոյթին, միջազգային եւ թերեւս տարածաշրջանային մտահոգութիւն կայ տագնապի ընդլայնման մասին, բայց անշուշտ ոչ ոք կրնայ վստահեցնել որ այդ մէկը տեղի չունենայ: Հետեւաբար, եթէ մէկ կողմէն համաշխարհային նման հնչեղութիւն ունեցած իրադարձութիւն մը չի կրնար «դասեր» չներփակել, խոհեմութիւն է նաեւ զգոյշ ըլլալ անոնց ընկալման եւ մեկնաբանութեան ժամանակ: Ինչ կը վերաբերի «սորվել»-ուն, այդ մէկը ընդհանրապէս շատ աւելի դժուար է…
Պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան «Աքսայի փոթորիկ» ռազմա-ահաբեկչական գործողութեան շոքէն յետոյ, ուշադրութեան կեդրոնին է Իսրայէլի պատասխանը: Այսինքն՝ տարածաշրջանէն իր ուժերու ետ քաշումէն տասնութ տարի յետոյ երրորդ ներխուժումը որ արդէն բնութագրուած է որպէս «պատերազմ»: Յիշեցման կարգով՝ առաջինը, «Հալած Կապար Գործողութիւն», տեղի ունեցաւ 2009-ին եւ տեւեց 15 օր, երկրորդը, «Պաշտպանիչ Եզր Գործողութիւն», 2014-ին եւ տեւեց 19 օր: Իսրայէլեան հակադարձութիւնը բուռն ռմբակոծումներու և հետախուզական բնոյթի ներթափանցման փորձերով արդէն ծայր առաւ «Համաս»-ի գործողութենէն քանի մը օր անց: Եւ ինչպէս պաղեստինեան զինեալ կազմաւորման ղեկավարները քաջ գիտէին, ոչինչ պիտի կասեցնէ իսրայէլեան պաշտպանութեան բանակի -Ցահալ- յառաջխաղացքը: Ի՞նչ տարողութիւն պիտի ունենայ այն, եւ արդեօք պիտի ընդլայնուի՞ Կազայէն անդին վերածուելու համար տարածաշրջանային մասշտապով բախումի: Ահա այն երկու անմիջական հարցումները որոնք պատերազմի նախօրեակին կը դրուին:
Առաջին հարցումին հանգամալից վերլուծում մը կ’ենթադրէ ե՛ւ անցեալի փորձառութեանց թելադրանքը, ե՛ւ «Համաս»ի վերջին գործողութեան քաղաքական եւ հոգեբանական անդրադարձի հնարաւոր չէզոքացումը: Այսինքն, եթէ մէկ կողմէ անցեալին Իսրայէլ փաստօրէն չէ յաջողած ոչ «Համաս»ը չէզոքացնել, ոչ ալ Կազան ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել, եւ այդ մէկը կրնայ յուշել նորագոյն փորձի մը ձախողութեան հաւանականութիւնը, այս անգամուայ հակահարուածը անհրաժեշտաբար պիտի նպատակադրէ փորձել գերազանցել պաղեստինեան կազմակերպութեան արձանագրած թէկուզ և ժամանակաւոր յաջողութեան հոգեբանական ազդեցութիւնը: Ինչ կը վերաբերի պատերազմի մասշտապի ընդարձակման, ապա եւ այդ մէկը հիմնական մտահոգութիւնն է միջազգային հանրութեան, ներառեալ Իսրայէլի աներկբայ զօրակցած երկիրներու, և առաջին հերթին՝ Ա․Մ․Ն․-ի: Ուաշինկթընի եւ Եւրոպայի երկիրներու համար մէկ կողմէն հարցականի տակ չի դրուիր Իսրայէլի ամբողջական զօրակցութիւնը, և այս անշուշտ նորութիւն չէ, միւս կողմէ սակայն Ուքրանիոյ պատերազմին ու Հնդկա-Խաղաղական Ովկիանոսի մէջ ուժերու հաւասարակշռումի աշխարհաքաղաքական նոր փորձադաշտին առկայութիւնը շատ վտանգաւոր կը դարձնեն երրորդ ճակատ մը, այսինքն՝ Իրանի ներքաշուածութիւնը և ակտիւ մասնակցութիւնը, որ շատ հաւանաբար ինչպէս միշտ տեղի ունենայ Հըզպալլահի միջոցաւ: Պատմական փորձը ցարդ ցոյց կու տայ որ Իրանէն Իսրայէլ կամ հակառակ ուղղութեամբ հրթիռակոծումը բացառուած է: Բայց պատմութիւնը կրնայ եւ չկրկնուիլ…
Շատ են պատճառները որ իսրայէլապաղեստինեան այս նորագոյն բախումը անտարբեր չձգէ հայ հանրային կարծիքը: Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն ակնյայտօրէն, բայց նաև ամենուրեք, ներառեալ Հայաստան: Երեք ժողովուրդներու պատմական փորձառութեանց զուգահեռները, 1970-ականներուն Պաղեստինեան ազատագրական պայքարին անդրադարձը Հայ Դատի քաղաքականացման վրայ, Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները, բայց մանաւանդ Իսրայէլ-Ազրպէյճան ռազմական համագործակցութիւնը այդ պատճառներուն ամենէն ցայտուններն են: Ճիշդ է նաև որ անոնց հետևումով, հայ հանրային կարծիքի հակազդեցութիւնը, այնպէս ինչպէս կարելի է Հայաստանի թէ Սփիւռքի մամլոյ մէջ լոյս տեսած յօդուածներէն և մասնաւորաբար սոցիալական ցանցերու մէջ պոռթկումնային թէ աւելի հանդարտ ստեղնաշարուած գրառումներէն հետևցնել, հասկնալիօրէն աւելի յուզումնական է քան բանական: Այս մէկը չի՛ նշանակեր անշուշտ որ վերլուծական միտքը բացակայած է այդ գրառումներուն մէջ:
Ընդհակառակը, չեն պակսիր փորձերը՝ ե՛ւ ցարդ բացառաբար «Համաս»ի գործողութեան «դասեր»ու բացատրութեան, ե՛ւ ճգնաժամի շատ աւելի հեռանկարային հետևանքներուն կանխատեսման:
Կը մնայ որ անհրաժեշտ է նաև կարևոր զգուշաւորութիւն ցուցաբերել երբ «Համաս»ի ռազմա-ահաբեկչական գործողութեան «դասեր»-ը կ’ուզենք ընկալել հայկական հայելիին ընդմէջէն: Այսինքն՝ ի մտի ունենալ նաեւ անոր իւրայատկութիւնները որոնք այնքան ալ համատեղելի չեն հայկական կացութեան հետ: Ոչ իսկ զուգահեռներ գծելու համար անցեալի պայքարներուն հետ կամ փորձելով նման «դասեր» պիտանի համարել դեռևս գալիք առճակատումներուն համար:
Այսպէս, մէկ կողմէն կասկած չկայ որ «Համաս» երկար ժամանակով ծրագրած է այս գործողութիւնը և լաւապէս պատրաստուած անոր՝ իրմէ շատ աւելի հզօր ուժի մը հետ առճակատման յատուկ «անհամաչափ պատերազմ»-ի տրամաբանութեամբ, որով և հարուածը եղաւ անակնկալ և աննախընթացօրէն ազդեցիկ: Այնքան որ նշուեցաւ Իսրայէլի պաշտպանուածութեան միթոսի խորտակումը և հետախուզական սպասարկութիւններու շռնդալից ձախողութիւնը: Միւս կողմէ սակայն, դեռեւս հարցական կը մնան գործողութեան ռազմավարական նպատակները և անոր քաղաքական հեռանկարները: Այս երկու հարցումներուն պատասխանի որոնման փորձը չի՛ կրնար անտեսել «Համաս»ի էութիւնը որպէս իսլամական ծայրայեղական կազմակերպութիւն, որուն յատուկ է Ալ-Քաիտայի, ինչպէս և Իրաքի, Սուրիոյ թէ Մաղրէպեան տարածաշրջանի մէջ անոր ծնունդ տուած տեղական խմբաւորումներու, և մանաւանդ՝ ՏԱՀԷՇ-ի՝ ահաբեկումի, առևանգումի, լայնամասշտապ սպանութիւններու և անոնց ցուցադրումի գործելաձեւը:
«Համաս» ունի իր արտաքին հովանաւորներն ու իրեն ֆինանսապէս նեցուկ կանգնողները, բայց շատ կասկածելի է որ իր ռազմական գործողութիւնները ծրագրէ ոչ թէ ինքնուրոյն կերպով, այլ համաձայն ինչ որ պատուէրի: Այսինքն՝ «Համաս»-ի գործողութիւնը տեղի ունեցաւ իր ղեկավարութեան որոշումով, և անմիջական նպատակ հետապնդեց ահաբեկումը -այն բառացի իմաստով որ կը գործածուի տասնիններորդ դարուն ծնած և քսաներորդ դարուն իր զարգացումը ապրած զինեալ պայքարի իւրայատուկ ոճի մը, ահաբեկչութիւն, համար: Ի տարբերութիւն, սակայն, ահաբեկչական այն գործողութիւններուն որոնք յատկապէս 1970-1980-ականներուն ուղղուած են հանրային կարծիքի ուշադրութեան հրաւիրման ինչ որ մոռցուած կամ անտեսուած դատի մը վրայ, եւ առ այդ ունէին քաղաքականօրէն սահմանուած նպատակ, իսլամական ծայրայեղական կազմակերպութիւններու գործողութիւնները կը նպատակադրեն քաոս առաջացնել: Քաղաքական նպատակը կամ այնքան տիեզերական/մարգարէական է որ փաստօրէն կը բացառէ սահմանուած, այսինքն՝ սահմանափակուած, նպատակի մը հետապնդումը, կամ ալ այդ մէկը երկրորդական է, այսինքն՝ ստեղծուած քաոսային իրավիճակն է որ անոնց ծնունդ կու տայ: Լայնամասշտապ սպանութիւններն ու առեւանգումները, եւ մանաւանդ անոնց արագ սփռումը սոցիալական ցանցերով հիմնականօրէն հոգեբանական ազդեցութեան համար է: Մէկ կողմէ հանրային կարծիքի ահաբեկումը, միւս կողմէ իսլամական ծայրայեղական այսպէս կոչուած «մենակեաց գայլ»-երու ուղղուած հրաւէր՝ ինքնաբուխ, կամ ոչ այնքան…, դիմելու ահաբեկչական արարքի, ինչ որ առաւելի պիտի խորացնէ, կամ աշխարհագրականօրէն տարածէ, քաոսային պահը:
Թէ բացառաբար Կազայի համար ի՞նչ կրնայ բերել «Համաս»-ի այս գործողութիւնը՝ այնքան ալ յստակ չէ: Ոչ անմիջականօրէն գոնէ: Բայց ե՛ւ տարածաշրջանային իմաստով, ե՛ւ աւելի անդին այն արդէն ստեղծած առայժմ զսպուած պայթունավտանգ կացութիւն, ուր իւրաքանչիւր ուղղակի թէ անուղղակի դերակատար պիտի փորձէ իր շահերէն մեկնած դիրքորոշուիլ: «Հըզպալլա»-ի միջոցաւ Իրանի ներքաշումը առճակատման մէջ առանց որ Թեհրանն ի սկզբանէ նման օրակարգ ունենար, Իսրայէլ-Սէուտական Արաբիա համաձայնութեան առնուազն առկախումը, այսինքն՝ Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր նոր կացութեան մը ստեղծումը, երկուքին հետևումով ԱՄՆ-ի ծրագիրներուն և տարածաշրջանային դերակատարութեան հարուածը, համաշխարհային իմաստով փրօ-պաղեստինեան եւ ընդհանրապէս իսլամական հանրային կարծիքի ցնցումը եւ զօրաշարժը, եւ Եւրոպայի մէջ իսլամական ծայրայեղական ահաբեկչութեանց նոր ալիքի մը ծաւալումը այս գործողութեան ստեղծած քաոսային պահի հաւանական հետեւանքները կրնան ըլլալ:
Այս հետեւանքներու զարգացումը եւ տարածաշրջանային թէ համաշխարհային մասշտապը պիտի յստականայ մէյ մը որ սկսի իսրայէլեան ներխուժումը եւ յայտնի դառնայ անոր վախճանական նպատակը, որ ինքնին հանելուկ եղած է միշտ: «Համաս»-ի գործողութեան շոգին աննախընթաց բնոյթը երեւան կ’ելլէ նաեւ հակադարձութեան, այսինքն՝ ներխուժման, ծրագրումի այսքան երկարաձգման իրողութեան ընդմէջէն: Ըստ երեւոյթին, միջազգային եւ թերեւս տարածաշրջանային մտահոգութիւն կայ տագնապի ընդլայնման մասին, բայց անշուշտ ոչ ոք կրնայ վստահեցնել որ այդ մէկը տեղի չունենայ: Հետեւաբար, եթէ մէկ կողմէն համաշխարհային նման հնչեղութիւն ունեցած իրադարձութիւն մը չի կրնար «դասեր» չներփակել, խոհեմութիւն է նաեւ զգոյշ ըլլալ անոնց ընկալման եւ մեկնաբանութեան ժամանակ: Ինչ կը վերաբերի «սորվել»-ուն, այդ մէկը ընդհանրապէս շատ աւելի դժուար է…
Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան
«Հայրենիք շաբաթաթերթ»