image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոլ Փաշինեան Սամուէլ Կարապետեանը մեղադրած է Հայաստանի մէջ լրտեսական գործունէութիւն ծաւալելու մէջ

Նիկոլ Փաշինեան Սամուէլ Կարապետեանը մեղադրած է Հայաստանի մէջ լրտեսական գործունէութիւն ծաւալելու մէջ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, գործարար Սամուէլ Կարապետեանը մեղադրած է Հայաստանի մէջ լրտեսական գործունէութիւն ծաւալելու համար՝ շեշտելով, որ ան ատոր համար պէտք է պատասխանատւութիւն կրէ քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։

Նիկոլ Փաշինեան այդ մասին ըսած է դիմատետրի իր էջին հրապարակած տեսանիւթին մէջ։

«Կալուգացի օլիգարխը պէտք է դատուի ոչ միայն փողերի լուացման եւ դպրոցներից, մանկապարտէզներից ու զօրամասերից հոսանքի գողութեան, այլեւ Հայաստանի պետական շահերի դէմ գործելու, մասնաւորապէս 300 հազար ադրբեջանցիների վերադարձի՝ գոյութիւն չունեցող թեման Հայաստանի ներքաղաքական օրակարգ մտցնելու փորձերի համար։ Չի ստացուի պարզապէս այդ լրտեսական գործունէութիւնը, եւ առաւել եւս հիմա թող կալուգացի օլիգարխը պատրաստուի նրան, որ դեռ տասնամեակով չի կարողանալու հեռանալ Հայաստանից։ Նա պէտք է գտնուի քրէակատարողական հիմնարկում որպէս լրտես, որպէս հոսանքի գող եւ որպէս փող լուացող»,-ըսած է Փաշինեանը։

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը Հայաստանի մէջ յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին իր քարոզչական հիմնական թեզերէն մէկը դարձուցած է այն, որ գործող իշխանութիւններու վերընտրուելու պարագային իբր 300 հազար ատրպէյճանցիներ պիտի  վերաբնակեցուին Հայաստանի մէջ։ Դաշինքի ներկայացուցիչներն այս թեման պարբերաբար կը շրջանառեն՝ ընկերային ցանցերու մէջ տարածելով նաեւ արհեստական բանականութեամբ պատրաստուած տարբեր հոլովակներ։

«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը, որու հիմնադիրը Սամուէլ Կարապետեանն է, 2015 թուականի սեպտեմբերէն «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ու սեփականատէրն է, ուր այս պահուն Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի որոշմամբ նշանակուած է ժամանակաւոր կառավարիչ։ Նիկոլ Փաշինեանը վերջին շրջանին Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու մէջ բնակիչներու հետ հանդիպման յայտարարած է, որ ՀԵՑ-ի մէջ ժամանակաւոր կառավարիչ նշանակելէ ետք պարզած են, որ ՀԵՑ-ը տարիներ շարունակ դպրոցներու, մանկապարտէզներու, զօրամասերու վրայ հոսանքի յաւելագրումներ ըրած է։

Սամուէլ Կարապետեանն այս պահուն տնային կալանքի տակ է։ Ան կ՚անցնի իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու եւ փողերու լուացման քրէական գործերով։ Կարապետեանն իրեն առաջադրուած մեղադրանքները չէ ընդունած։