Հայաստանը կը շարունակէ մնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ եւ աշխատանքային մակարդակով պիտի մասնակցի Աստանայի մէջ կայանալիք միութեան գագաթնաժողովին։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
Եւրասիական տնտեսական համաժողովը, Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ պետութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ մայիս 28-ին՝ Աստանայի մէջ։
«Հայաստանը կը մնայ ԵԱՏՄ-ի անդամ։ Հայաստանը պիտի մասնակցի աշխատանքային մակարդակով, սակայն ամէն պարագայի պիտի մասնակցի։ Երկրի ամբողջ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը զբաղած է ընտրարշաւով, եւ այդ հասկնալի է»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքով։