image

Իրան յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու հետ անուղղակի շփումները շարունակելու մասին

Իրան յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու հետ անուղղակի շփումները շարունակելու մասին

Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու անուղղակի շփումները կը շարունակուին։ Ինչպէս կը հաղորդեն իրանական լրատուամիջոցները, այդ մասին լրագրողներուն ըսած է Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի փոխքարտուղար Ալի Պաղերի Քանին։

«Ինչ կը վերաբերի ամերիկացիներու հետ անուղղակի շփումներուն, ապա՝ այո, անոնք կը շարունակուին», - յայտնած է ան միջազգային անվտանգութեան թեմայով համաժողովի շրջածիրէն ներս։