image

Խառնակիչը ... եւ հացադուլը

Խառնակիչը ... եւ հացադուլը

Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին մերժած հացադուլը դադրեցնել, որ իրմէ կը փափաքէին խնդրել Վրացական Ուղղափառ եկեղեցիէն: Այս մասին ըսած է համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարքի խօսնակ Միքայէլ Պոթքովելին, որ այցելած է գործիչին բանտին մէջ:

«Մենք հանդիպեցանք չէզոք գօտիի մէջ: Ան խնդրած է նորին սրբութեան (կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ին) փոխանցել, որ կրծքին խաչը իր մօտ չէ, եւ որ զայն վերադարձնեն իրեն», ըսած է Պոթքովելին՝ յաւելելով, որ Սահակաշվիլին մերժած է դադրեցնել հացադուլը:  

Յիշեցնենք, որ Սահակաշվիլին ձերբակալած են 2 Հոկտեմբերին, երբ վերջինս հայրենիք վերադարձած էր՝ ՏԻՄ ընտրութիւններուն ժամանակ ընդդիմադիրներուն աջակցելու համար: Հեռակայ կարգով նախկին նախագահը դատապարտած էին պատգամաւորը ծեծի ենթարկելու եւ այլ սպանութեան կազմակերպման համար: Բացի այդ, անոր մեղադրանք ներկայացուած է եւս քանի մը գործով, այդ շարքին՝ պետական միջոցները մսխելու, լիազօրութիւններու չարաշահման եւ երկրին սահմանը ապօրինաբար հատելու համար: Ձերբակալութենէն ետք Սահակաշվիլին հացադուլ յայտարարած է: