Միացեալ Նահանգներէն ուրախառիթ լուր ստացանք։
Խանտանեաններու ընտանիքը բախտաւորուած է նոր զաւակով մը՝ Գէորգ։
Նշենք, որ Կարօ եւ Լենա Խանտանեաններ, որ վերջերս Հայաստանէն փոխադրուած են Միացեալ Նահանգներ եւ ծնող են երկու դուստրերու բախտաւորուած են երրրորդ զաւակով մը՝ Գէորգ։
Կարօ Խանտանեանի տարիներու երազն էր հայր դառնալ մանչ զաւակի մը եւ զինք կոչել իր հանգուցեալ հօր անունով՝ Գէորգ։
Խանտանեանները Լիբանանի բարդ պայմաններուն հետեւանքով հայրենադարձած էին, ու փորձած էին մեծ ճիգեր գործադրել կարողանալու համար իրենց ու մեր հայրենիք Հայաստանին մէջ բնակութիւն հաստատել։ Անոնք բախած էին ծանր դժուարութիւններու, որուն հետեւանքով ալ առած էին ամենադառն որոշումը՝ արտագաղթել Միացեալ Նահանգներ։
Լիայոյս ու ապահով ենք, որ Հայաշունչ՝Պուրճ Համուտի մէջ հասակ առած Կարօ Խանտանեանի ընտանեկան յարկին տակ հասակ առնող զաւակները կը ստանան հայեցի դաստիարկութիւն ու միշտ ալ հպարտօրէն հանրութեան կը ներկայանան, որպէս երկար ճանապարհ անցած հայ ազգի զաւակներ։
Խանտանեաններու ուրախութիւնը մեծ է այս օրերուն եւ լիարժէքօրէն այդ ուրախութեան արժանի հայաշունչ ընտանիքին կը մաղթենք առողջ եւ երջանիկ ամեակներ։