Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարը Միացեալ Նահանգները եւ կազ մատակարարող միւս «բարեկամ» երկիրները մեղադրած է աստղաբաշխական գիներու մէջ՝ ենթադրելով, որ անոնք կ'օգտուին ուքրանական պատերազմի հետեւանքներէն։
«Որոշ երկիրներ, ներառեալ՝ բարեկամ երկիրները, երբեմն կը հասնին աստղաբաշխական գիներու [իրենց կազի համար]։ Ի հարկէ, ասոնք հարցեր են, որոնց մասին մենք պէտք է խօսինք»,- ըսած է տնտեսութեան նախարար Ռոպըրթ Հապեք՝ գերմանական NOZ թերթին տուած հարցազրոյցին, որ թարգմանած է NBC News-ը:
Ան կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներուն աւելի շատ համերաշխութիւն ցուցաբերել, երբ խօսքը կը վերաբերի Եւրոպայի մէջ ուժանիւթի կարիք ունեցող դաշնակիցներուն օգնելուն: «Միացեալ Նահանգները կապ հաստատեց մեր հետ, երբ նաւթի գիները կտրուկ բարձրացան, եւ որուն պատճառով Եւրոպայի նաւթի ազգային պաշարները օգտագործուեցան: Կը կարծեմ՝ նման համերաշխութիւնը նոյնպէս կը նպաստէր կազի գիներու զսպման»,-ըսած է ան։
Անոր խօսքով՝ ԵՄ-ն պէտք է «կազմակերպէ ԵՄ երկիրներու խելամիտ եւ ներդաշնակ գնման վարքագիծ, որպէսզի առանձին երկիրներ չընդհատեն իրար եւ չբարձրացնեն գիները համաշխարհային շուկային մէջ»։ Եւրոպական շուկայի իշխանութիւնն «ահռելի» է, այն պարզապէս պէտք է օգտագործել, նշած է ան։