image

ՔԿ-ն կը մեղադրէ Նարեկ Կարապետեանը իր այլ երկրի քաղաքացիութիւնը թաքցնելու մէջ. Կարապետեան կը հերքէ

ՔԿ-ն կը մեղադրէ Նարեկ Կարապետեանը  իր այլ  երկրի քաղաքացիութիւնը թաքցնելու մէջ. Կարապետեան կը հերքէ

««Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջին համարով առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածու Նարեկ Կարապետեանը թաքցրել է օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն ունենալու կամ ունեցած լինելու մասին տեղեկութիւնը»,- այս մասին յայտարարած է Քննչական կոմիտէն։ Նարեկ Կարապետեանն ալ դիմատետրեան իր էջով յայտնած է, որ բացի ՀՀ քաղաքացիութենէն երբեք չէ ունեցած այլ երկրի քաղաքացիութիւն։

«Կարապետեան Նարեկը չունենալ այլ քաղաքացիութիւն. Նարեկ լինել միայն Հայաստանի քաղաքացի: Փաշինըանը շեղել ժողովրդին իր գժութիւններից»,- ռոպինզոնեան «Ուրբաթ»ի ոճով գրած է Կարապետեանը:

Նախընտրական քարոզարշաւէն 12 օր անց Քննչական կոմիտէն ՆԳՆ ոստիկանութենէն ստացուած առերեւոյթ յանցանքի մասին հաղորդման հիման վրայ յայտարարած է, որ 2026-ի յունիս 7-ին ՀՀ ԱԺ հերթական ընտրութիւններուն «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջին համարով առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածու Նարեկ Կարապետեանը, նախազգուշացուած ըլլալով կեղծ տեղեկութիւններ յայտնելու պարագային օրէնսդրութեամբ սահմանուած պատասխանատւութեան մասին, դիտաւորութեամբ թաքցուցած է օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն ունենալու կամ ունեցած ըլլալու մասին տեղեկութիւնը, այն է՝ ՆԳՆ ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութիւն ներկայացուցած է այլ պետութեան քաղաքացի չըլլալու մասին բովանդակութեամբ կեղծ դիմում՝ այդ կերպ թաքցնելով պաշտօնատար անձի կարգավիճակ ձեռք բերելուն խոչընդոտող՝ օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն ունենալու մասին տեղեկութիւնը: 

«Հաղորդման հիման վրայ նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգրքի 449-րդ յօդուածի 1-ին մասով (պաշտօնատար անձի կարգավիճակ ձեռք բերելուն կամ պահպանելուն խոչընդոտող տեղեկութիւնները թաքցնելը)»,-յայտնած են ՔԿ-էն:

Հաղորդումը, որու հիման վրայ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է, չի յստակեցներ՝ Կարապետեանն ունի՞, թէ՞ ունեցած է այլ երկրի քաղաքացիութիւն։

Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան նախորդած էր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի յայտարարութիւնը, ուր նշուած էր, որ յանձնաժողովը ստուգած է «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցուցակի առաջին համարի թեկնածու Նարեկ Կարապետեանի՝ միայն ՀՀ քաղաքացի ըլլալու վերաբերեալ փաստաթուղթերը թեկնածուները գրանցելու ընթացքին։ ԿԸՅ-ն ենթադրեալ խախտման մասին որեւէ բան չէ նշած, այլապէս, ըստ օրէնքի՝ յանձնաժողովը կը մերժէր գրանցել Նարեկ Կարապետեանի թեկնածութիւնը։