image

Կառավարութիւնը կը փոխէ երդման բնագիրը. ընդդիմութիւնը կը մեղադրէ «համազգային նպատակներ»է խուսափելու մէջ

Կառավարութիւնը կը փոխէ երդման բնագիրը. ընդդիմութիւնը կը մեղադրէ «համազգային նպատակներ»է խուսափելու մէջ

Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց կառավարութեան անդամի երդման բնագիրը փոխելու մասին օրէնքի նախագիծը։

Կառավարութիւնը կ՚առաջարկէ փոխել գործադիր մարմինի անդամներու երդման բնագիրը՝ զայն համապատասխանեցնելով պետութեան յարատեւութեան, ինքնիշխանութեան եւ սերունդներուն առջեւ պատասխանատուութեան սկզբունքներուն։ Ազգային ժողովին մէջ նախագիծին մանրամասնութիւնները Սեպտեմբեր 14-ին ներկայացուցած է արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան։

Նախարարին համաձայն՝ գործող բնագիրը ամբողջութեամբ չարտացոլեր պետականութեան ամրապնդման եւ զարգացման առանցքային տարրերը։ Նոր նախագիծով կ՚առաջարկուի երդման հիմքին մէջ ամրագրել «Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութեան, անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ զարգացման» ձեւակերպումը, ուր յարատեւութիւնը կը բնորոշէ պետութեան շարունակական գոյութիւնն ու կայունութիւնը, իսկ ինքնիշխանութիւնը՝ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու իրաւասութիւնը։

«Արդիւնքում կ՚ունենանք երդման հետեւեալ տեքստը․ «Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութեան, անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ զարգացման, երդւում եմ բարեխղճօրէն կատարել կառավարութեան անդամի պարտականութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, ծառայել հանրային շահին, պաշտպանել պետական շահը, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան եւ սահմանադրական կարգի ամրապնդմանը եւ գործել ի շահ ներկայ եւ ապագայ սերունդների»,- ներկայացուցած է նախարարը:

Ընդդիմութիւնը դէմ է այս փոփոխութեան։ Ազգային Ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Արամ Վարդեւանեանի գնահատմամբ՝ ութ տարի շարունակ ժողովրդավարութեան մասին խօսող իշխանութիւնը երդման բնագրէն կը հեռացնէ ժողովուրդի՝ իշխանութեան բարձրագոյն կրողին ուղղուած խօսքը՝ պարտաւորութիւններու վերաբերեալ։

Ընդդիմադիր պատգամաւորը յղում կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախաբանին եւ Սահմանադրական դատարանի համապատասխան որոշման՝ պնդելով, որ նախագիծով փորձ կը կատարուի խուսափելու Սահմանադրութեամբ հաստատուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքներէն ու համազգային նպատակներէն։