Կազան պէտք է պաղեստինեան հող մնայ։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը։
«Կազան պաղեստինեան հող է ու այդպիսին ալ կը մնայ, եւ մենք չենք աջակցիր Կազայի վերաբնակեցման, ինչպէս չաջակցիր նաեւ Իսրայէլը»,-ըսած է Փաթելը։
Անոր խօսքով՝ Ուաշինկթընը գործընկերներու հետ կ՚աշխատի Կազայի ժամանակաւոր կառավարման ու անվտանգութեան յարաչափերու տարբեր սենարներու վրայ։