image

Կայացած է Համա-ՀՄԸՄ-ական  Քարոզչական առցանց  համագումարը

Կայացած է Համա-ՀՄԸՄ-ական  Քարոզչական առցանց  համագումարը

Օրերս, ընթացք առած է Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական առցանց Բ. համագումարը` մասնակցութեամբ միութեան շրջանային եւ մեկուսի 21 շրջաններէ աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներու եւ ընկերային ցանցեր վարող միութենականներու:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

Շաբաթ, 19 հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), ընթացք առաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական առցանց Բ. համագումարը` մասնակցութեամբ միութեան շրջանային եւ մեկուսի 21 շրջաններէ աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներու եւ ընկերային ցանցեր վարող միութենականներու:

Համագումարին առցանց ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դիւանի անդամներ եւ համագումարի կազմակերպիչ` Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ քարոզչական յանձնախումբի անդամ Նայիրի Ազարիկեան, որ ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանը` արտասանելու իր խօսքը, որ միութեան քարոզչական մեքենայի «կամաւոր զինուորներու վաշտ»-ին ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ, որ հարկ է քարոզչական մեր աշխատելաոճը դուրս բերել մեր տեղական, շրջանային ցիրուցան վիճակէն եւ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ համահայկական, մէկ ու հզօր ամբողջութիւն կազմող միութիւն: Ան թելադրեց հասարակ յայտարարներ գտնել միութեան քարոզչական մօտեցումներուն մէջ, ըլլալ պատշաճ ներկայութիւն` միշտ պահելով ՀՄԸՄ-ականի բարոյականութեան գլխաւոր արժէքները:

Յաջորդեց ծանօթացման բաժին մը` յանձնախումբի անդամներու եւ նման համագումարի մը առաջին անգամ մասնակցողներու:

Համագումարին առաջին զեկուցումը ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ Նժդեհ Մկրտիչեան: Ան ներկայացուց յանձնախումբին անցնող քառամեակին (2019-2023) կատարած գլխաւոր աշխատանքները եւ ՀՄԸՄ-ի ԺԳ. Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովին բանաձեւերը` քարոզչական մարզին վերաբերեալ:

Երկրորդ զեկուցումը ներկայացուց քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան` նիւթ ունենալով «ՀՄԸՄ-ի քարոզչութեան ռազմավարական ուղղութիւնները», որոնք են`

Ա.- ՀՄԸՄ-ի ճանաչելիութեան եւ հասանելիութեան մակարդակը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւն,

Բ.- ՀՄԸՄ-ի թուային  ներկայութիւնը եւ ներգրաւուածութիւնը բարելաւելու կարիք,

Գ.- Զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ մեր գործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւն,

Դ.- Շրջաններու միջեւ կապերը աւելի ամրապնդելու եւ շրջանային, ցամաքամասային թէ համաշխարհային մեր քարոզչութեան յաւելեալ թափ տալու անհրաժեշտութիւն:

Հուսկ, համագումարին վերջին նիւթը ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան IT-ի աշխատանքներու պատասխանատու Շանթ Տեմիրճեան` «Ինչպէ՞ս ապահովել մեր ցանցերուն անվտանգութիւնը» խորագիրով:

Յայտնենք, որ բոլոր ներկայացումները կատարուեցան փաուըր փոյնթերով: Նիստերը վարեց քարոզչական յանձնախումբի անդամ Աստղիկ Աշըգեան:

Մէկուկէս ժամուան ներկայացումներէ ետք համագումարին մասնակիցները բաժնուեցան երեք ենթախմբակներու (Միջին Արեւելք-Հայաստան-Արցախ, Եւրոպա, Ամերիկաներ-Աւստրալիա) եւ հրաւիրուեցան առանձնաբար քննարկելու ներկայացուած նիւթերը եւ իւրաքանչիւրը, իր ցամաքամասի պահանջներուն համաձայն, մշակելու քարոզչական իր ուղղութիւնները, նկատի ունենալով միութեան քարոզչական ռազմավարութեան գլխաւոր կէտերը եւ տեղական-տեղայնական իւրայատուկ պայմանները:

Ենթախմբակները մինչեւ շաբաթ, 26 հոկտեմբեր իրենց առցանց քննարկումները պիտի շարունակեն առանձնաբար եւ իրենց քննարկումներուն արդիւնքները ներկայացնեն համագումարի երկրորդ նիստին սկզբնաւորութեան, շաբաթ, 26 հոկտեմբերի, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

Համագումարը իր երկրորդ նիստով պիտի քննէ նաեւ ընդհանրական կարեւորութիւն ներկայացնող քարոզչական այլ հարցեր եւ մտահոգութիւններ:

Նշենք, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական առցանց առաջին համագումարը տեղի ունեցած էր 6 եւ 13 նոյեմբեր 2021-ին: