image

«Կասկածում եմ, որ նման բաներ եղել են». Մնացականեան բարձր կը գնահատէ Արզումանեանի գործունէութիւնը

«Կասկածում եմ, որ նման բաներ եղել  են». Մնացականեան բարձր կը գնահատէ Արզումանեանի գործունէութիւնը

Կը կասկածիմ, նման բան չի կրնար պատահել: Այս մասին, այսօր՝ 2 սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Լեւոն Մնացականեանը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատէ այն փաստը, որ Շուշին յանձնելու մէջ կը մեղադրուի Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանը:

«Կարծում եմ, որ նախաքննութեան ընթացքում այդ հարցերը վերանալու են, պարզուելու է, որ ինքը ոչ մի առնչութիւն չունի»,-ըսած է ան:

Ան նաեւ նշած է, որ ինք որեւէ առնչութիւն չէ ունեցած Շուշիի գործողութեան հետ` խուսափելով ըսելէ, թէ ինչ պատասխանատւութիւն ունին Արցախի զօրավարները Շուշին յանձնելու եւ Արցախն այս վիճակին հասցնելու մէջ:

«Ես Սղնախի օպերացիայի (գործիղութեան) հետ առնչութիւն չունեմ, կազմակերպիչը եղել է դուք գիտէք ով, հարցերն ուղղէք իրեն»,-ըսած է ան:

Հարցին, թէ ով թոյլ տուաւ, որ յանձնուի Շուշին, Մնացականեան պատասխանած է. «Ես առնչութիւն չունեմ դրա հետ ընդհանրապէս: Ես թոշակի անցած մարդ եմ եղել»: