image
Հրատապ լուրեր:

Կարմիր վարդը 1666-ին տպագրուած (Առաջինը, որպէս հայերէն) Աստուածաշունչին մէջ

Կարմիր վարդը 1666-ին տպագրուած  (Առաջինը, որպէս հայերէն) Աստուածաշունչին մէջ

Աստուածաշունչը վերջերս ցուցադրուած էր Շըրմըն Ֆէյրչայլտ ընթերցասրահին մէջ։ Երբ Աստուածաշունչը բացին, անակնկալ մը յայտնաբերեցին՝ սեղմուած ու չորցած կարմիր վարդ մը մը կար…։

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք 

Հայերէնով տպագրուած առաջին Աստուածաշունչը՝ 1666

Վերջերս Morgan Library & Museum-ը ձեռք ձգեց Ոսկանեան Աստուածաշունչի (Ոսկան արք. անունով յայտնի) օրինակ մը՝ հայերէնով տպագրուած առաջին ամբողջական Աստուածաշունչը, որ լոյս տեսած էր Ամսթերտամի մէջ՝ 1666-ին։ Գիրքը կոչուած է տպարանին հիմնադիր Ոսկան Երեւանցիի անունով։ Ան հարուստ է 150-է աւելի փայտափոր պատկերներով, որոնք ստեղծուած են հոլանտացի արուեստագէտ Քրիստոֆել վան Սիխեմի կողմէ։ Այս նկարազարդումները դարեր շարունակ ներշնչման աղբիւր դարձան Օսմանեան կայսրութեան եւ Իրանի հայ արուեստագէտներուն ու արհեստաւորներուն համար։

Չկազմուած տպագիր գիրքը Ամսթերտամէն փոխադրուած էր Նոր Ջուղա՝ Իրան (այն ժամանակուան մայրաքաղաք Սպահանի հայկական արուարձանը), ուր ալ կազմուած է։ Այս օրինակը ունի 17-րդ դարու Նոր Ջուղայի հայկական աւանդական կազմ մը։ Անոր առաջին կազմին վրայ արձանագրութիւն կայ, թուագրուած՝ 1699։ Այդ արձանագրութիւնը կը բացայայտէ առաջին սեփականատիրոջ ինքնութիւնը․

«Այս Աստուածաշունչը յիշատակ է Ֆահպտի (Ֆարահապատ՝ Սպահանի մօտ) Աստուածատուր վարդապետին, անոր ծնողներուն՝ Յովհաննէսին եւ Եթարին, եղբօր՝ Հաբիբին, եւ քոյրերուն՝ Հռիփսիմէին ու Ղամբարին, թուին 1148 [1699 թուական]»։

Աստուածաշունչը վերջերս ցուցադրուած էր Շըրմըն Ֆէյրչայլտ ընթերցասրահին մէջ։ Երբ Աստուածաշունչը բացին, անակնկալ մը յայտնաբերեցին՝ սեղմուած ու չորցած կարմիր վարդ մը մը կար…։