44 օր տեւած պատերազմի աւարտին գրելու բոլոր կարելիութիւնները կամաց-կամաց կը վերադառնան։
Վերլուծական միտք արտայայտելու փորձերը, որոնք եղած էին պատերազմի ամենաթէժ օրերուն, տեղ մը լռեցին։
Պարտութիւնն էր այն հրէշը, որ մեզի այցելեց եւ մեր բառերը չորցուց։
Եռանդ կար, ամէն այգի, երբ լուրեր կ՚առնէինք, թէ մեր ճանչցած ընկերը հասեր է «Վայինկոմատ», զինուորագրուեր է արդէն եւ մեկնած՝ ռազմաճակատ։
Ուրիշ ընկեր մը կը զանգէր Մարտունիէն, բոլոր ժամանակներուն մէջ մեր սիրելի «Թիւ-երկուք»-էն (յայտնի դիրք՝ Մարտունիի մէջ) յուսադրիչ լուրեր կու տար ու զարմացկոտ հարցումներ կ՚ընէր՝ Ստեփանակերտի եւ Շուշիի շուրջ ընթացող զարգացումներուն մասին։
Գիշերը սպասելով Արծրունի յայտարարութիւններուն՝ պատառ մը հացը քացախ կը դառնար մեր բերաններուն մէջ՝ ակնկալելով, որ ՊՆ-ի պաշտօնեան ի վերջոյ դրական եւ բեկում առաջացնող լուրի մը մասին յայտնէր։
Առաւօտը նորէն կը բացուէր ծանր եւ նոր անուններու ցուցակներուն հետ մեզմէ մասնիկ մը կը մեռնէր։
Կը հանդիպէինք Եռաբլուրի նոր հողակոյտերուն առջեւ՝ մեր ընկերներուն վերջին երթ մը մաղթելու եւ ապրեցնելու համար չմեռնելու վառ յոյսը, որ կար մեր մէջ նախքան այս պատերազմը։
Տեղ մը կը տրուէինք «մեղք»-ին, կը գրէինք, որ ,այո՛, պիտի յաղթենք, մեր ուղեղի ամբողջ մէկ կէսը կը մթագնէր, ու մենք մեզի կը հրամայէինք, որ հակառակ առկայ բոլոր տուեալներուն՝ պիտի անտեսենք եւ կոյր ձեւանանք ու բոլորին հետ, բոլորին համար ըլլալով գրառումներու աւարտին պիտի գրենք՝ «յաղթելու ենք»։
Յետոյ BBC Arabic-ի եթերէն արաբերէնով կատարուած պատումները կամաց-կամաց աւելի նեղ օղակի մը պէս կը պաշարէին մեզ։
Ի դէպ լրագրողը, որ եգիպտացի էր, ամէն ինչ կ՚ընէր աւելի նեղը դնելու Ատրպէյճանցի կամ նոյնիսկ թուրք ըննդիմախօսը՝ պատմելով սուրիացի վարձկաններուն մասին, ու այդպիսով թեւեր տալով ինծի կ՚ըսէր. «Նայեցէք, հայերը պայքար կը մղեն ոչ միայն ատրպէյճանցիներուն, թրքական եւ իսրայէլեան զէնքերուն դէմ, այլ նաեւ Իտլիպէն Ատրպէյճան հասած վարձկաններուն դէմ...»։
Այդ վիճակները կը կրկնուէին տարբեր առիթներով եւ շեշտը կը մնար նոյնը ՝ «Հայ զինուորները լաւ դաս մը պիտի տան վարձկաններուն եւ ատրպէյճանցիներուն»,-- կամ թէ « Էրտողանը ձախողած էր Սուրիոյ տաք գօտիներուն մէջ, դուրս “նետուած”» էր լիպիական խաղ»-էն, նահանջած էր Միջերկրականի “ջրային պազարներ”-ուն մէջ ու հիմա ... կարմրած աչքերով կը նայէր մեզի ...»։
Այդ բոլոր վարկածները լսելի կը դառնային ոչ միայն Լոնտոնէն, այլեւ կը խօսէի Դամասկոսէն, Իմարաթներէն, Տոհայէն, Թեհրանէն եւ նոյնիսկ հեռաւոր Ալժիրէն, որուն պետական ռատիօկայանի հաղորդավարը առաջին անգամ լսած կ՚ըլլար «Նակորնի Ղարաբաղ»-ի մասին ու ազգանունս անունի տեղ տալով՝ թարմ տեղեկութիւններ կը խնդրէր «Ճապրայիլ»-ի մէջ եղածներուն մասին։
Եթերով կը պատմէի զօր. Ջալալ Յարութիւնեանի դէմ եղած մահափորձին մասին, հեռուներէն գալով կը խօսէի 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասին, առինքնող շեշտով մը կը ներկայացնէի Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի դիրքեր երթալն ու այնտեղ իր զինուորներուն հետ սուրճ խմելը ու ապա կը դառնայի պատմական Շուշիին՝ ըսելով, որ «տեսէք ինչպէս հարուածեցին Աստծոյ տունը՝ ս. Ղազանչեցոց եկեղեցին»։
Աւելի ուշ արդէն «ցաւոտ զիջումներ»ու թեման էր, հարցումներն այս անգամ կը յարէին, թէ «արդեօք ձեր վարչապետը լաւ յարաբերութիւններ ունի՞ ռուսերուն հետ». կը լռէի պահ մը, յետոյ կը պատասխանէի. «Ունինք, այո՛, ունինք լաւ յարաբերութիւններ ...»։
Պաքուէն հաղորդման մասնկացող, սակայն, «Թրենտ» գործակալութեան տնօրէնը վրայ կը հասնէր՝ ըսելով , որ ես ճիշդ չեմ խօսիր...։ Կը տատամսէի պահ մը, յետոյ կ՚ըսէի. «Գիտէ՞ք, պարոնայք, Ռուսաստանի համար կան որոշակի “կարմիր գիծեր”, եւ մենք այս պահուն այդ որոշումներուն կը սպասենք...»:
* * *
Վարագոյրի փակուելէն առաջ արաբական աշխարհի մէջ թիւ մէկ «թրենտ» դարձած «Նակորնի Ղարաբաղ»-ի թեման կամաց-կամաց կը նահանջէր՝ իր տեղը տալով ԱՄՆ-ի յետընտրական զարգացումներուն, Թեհրան-Ուաշինկթըն նոր սպասումներուն, ինչպէս նաեւ «Քովիտ-19»-ով պայմանաւորուած տարբեր մակարդակի քննարկումներուն։
Մէկ բան յստակ էր, որ մենք՝ հայերս, որ վերջին քսան-երեսուն տարիներուն միշտ ալ հպարտութեամբ խօսած էինք Արցախի հերոսական խոյանքներուն մասին, այլեւս այդ ոճով պիտի չկարողանայինք շարունակել։
Ծանր էր պարտութեան լուծը, որ այսօր ալ կը շարունակէ հալածել մեզ։ Պարտութեան թեմային մասին անշուշտ կարելի է երկար գրել, բայց եւ այնպէս պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընել, որ մեր կրած պարտութիւնը վերածուի յաղթանակի։
Կասկածէ վեր էր անշուշտ, որ եթէ պատերազմը այլ հուն ստանար, շատ տարբեր իրավիճակ պիտի ստեղծուէր Երեւանի մէջ։
Երկրի քաղաքական վերնախաւը բաղկացնող ըննդիմութիւնը կ՚անցնէր աշխոյժ գործողութիւններու եւ համաժողովրդային բնոյթ կրող բողոքի երթեր եւ հաւաքներ կը կատարուէին։
Բողոքի ալիքին կողքին, դարձեալ երեւելի կը դառնար վարչապետի «պաշտպանութիւն»-ը ստանձնող մարդկանց խումբը, որ կամայ-ակամայ «բնազդային մօտեցում»-ով մը նոյնիսկ կ՚արժէզրկէր իր պաշտպանած իշխանութեան կողմէ յայտարարուած «սուգի երթը»։
Կը լսուէին տարբեր ձայներ, որոնց որոշակի հատուածին մէջ ալ կար եղած բոլոր մեղքերը մէկ մարդու՝ Փաշինեան Նիկոլի անձին վերագրելու մօտեցումը, որ խորքին մէջ ալ ժողովուրդներուն համար բաւական գործնական մեթոտ մըն է՝ դուրս գալու համար այս ամեհի ցաւէն ու տառապանքէն։
Սակայն Փաշինեան կը շարունակէր մնալ անզիջող եւ բառախաղերու դիմելով կը փորձէր պատասխանատւութիւնն ու մեղքը իրարմէ հնարաւորինս հեռացնել եւ իր ամբողջ էութեամբ յենիլ ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածին մէջ առկայ տրամադրութեան վրայ, որ է ՝ «հիմա էլ հները եկել են մէյտան, ուզում են վրէժի դիմել եւ իշխանութիւնը վերցնել»։
Անշուշտ այս պահուն, ոչ մէկ առումով էական է, թէ այս տողերը գրողը ի՛նչ վարկածներու հիման վրայ, ի՛նչ տեսակէտ ունի կապուած Փաշինեան «կերպար»-ի (որ այդպէս ալ դրական կերպար պիտի չկարողանայ դառնալ) քաղաքական ապագային մասին, սակայն հիմնական խնդիրն այն է, որ Հայաստանը «իւղ կը վառէ»։
Մեծ վտանգներու առջեւ կանգնած է մեր երկիրը, Լեռնահայաստանը եւ Արցախը, եւ այս բոլորին դիմաց երկրի առաջնորդ ներկայացող անհատը կը շարունակէ ոչ-անկեղծ մօտեցումով մը իր դարակներուն մէջ պահել առկայ պայմանաւորուածութիւններու հիմնական կէտերը։ Այսօր աւելի քան յստակ է արդէն, որ պատերազմական գործողութիւններու աւարտին շատ աւելի բարդ փուլի մը մէջ ենք։
Հեռուն մթագնած է, յոյսի անիւները սառած են ցաւի եւ կորուստի տիղմերուն մէջ։
Մարդիկ չեն ուզեր հաւատալ եղածին, ու ամենակարեւորը՝ իրենց մէջ եղած սպասումի հունտերը կամաց-կամաց տեղ կու տան յուսալքումի։
Յանցանքը եւ լրագրութեան բառը միասին կը կիսեն մեր առաւօտները եւ մեր կոկորդը խեղդելու պէս ընելով հարց կու տան մեզի. «Ո՞ւր էիր դուն պատերազմի օրերուն, եւ ինչո'ւ չպոռացիր բոլորի երեսին, որ այս պատերազմը պէտք է դադրէր առաջին իսկ օրէն»։
Կովկասի մէջ սաղմ գտած նոր գիծեր կը գծուին, Ռուսաստանը եւ Թուրքիան իրենց բարեկամութիւնը կը հիմնաւորեն շահի, նաւթի, իրար լաւապէս հասկնալու նոր գնացքին վրայ, իսկ մենք վերը նստած՝ կը սպասենք, որ մեր արցունքը նորէն քարանայ, հաւաքենք մեր հագուստները եւ վերադառնանք կեանքի նոր ընթացքին։
Վիրաւոր ենք, գիտեմ, խոցուած, տկարացած եւ ցաւերու մէջ ինկած։
Բնազդին կը կառինչք՝ մարելու համար մեր մարմինը տանջահար ընող բոլոր վէրքերը։ Կը խոնարհինք յանցանքին առջեւ։ Կը խոնարհինք, որովհետեւ մեզմէ մաս մը գողցան ու այդ գողութեան առջեւ սառեցանք...։
Մտածեցինք, որ անպայման պիտի խմենք յաղթանակի բաժակէն, սակայն այդպէս չեղաւ։
Այդպէս չեղաւ, որովհետեւ ատեցինք իրար, ու նորէն ալ կը շարունակենք ատելութեան հին խաղը։
Բոլորս ամէն ինչ գիտենք, սակայն բոլորս ոչինչ գիտենք։
Գնացքը պիտի սկսի շարժիլ, եւ դեռ մենք հին փլուզուած կայարանին առջեւ մեր գալիքի բախտին կը սպասենք։
Սագօ Արեան