Լիբանանի դժնդակ պայմաններուն ներքեւ, խորապէս մտահոգիչ է նաեւ լիբանանահայութեան վիճակը։ Մարդիկ ամէնօրեայ հացի կարօտ են եւ հակառակ համայնքային կազմակերպութիւններու մեծ ճիգերուն, այս դժուարութիւնները կը շարունակեն ուրուականի նման հալածել լիբանանահայութիւնը:
Մինչ այդ, լիբանանահայ երգիչ-երգահան Ալպէր Մոմճեան, որ վերջին շրջանին «Ալպէրովիչ» անուանումով ինքզինք նուիրած է ընկերային ծառայութեան, իրեն հետ ունեցանք հեռակայ հարցազրոյց մը, որու սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Ինչպիսի՞ն է մթնոլորտը Լիբանանի մէջ։
Ես վերլուծաբան-մեկնաբան մը չեմ, բայց, կրնամ ըսել, որ անցնող հոկտեմբերէն ի վեր վախի մէջ կ՚ապրինք, Լիբանանի ապագան անյայտ է:
-Ձեր նման ռափ երգիչ մը ներկայիս անցած է ընկերային ծառայութիւն մատուցելու գործին։ Ինչպէ՞ս յայտնուեցաք այս առաքելութեան մէջ:
Եթէ ճիշդը կ՚ուզէք, ապա սխալմամբ։ Նախկին լիբանանահայ մեր հայրենակիցներէն եւ ներկայիս Աւստրալիա հաստատուած՝ Ժան Ասատուրեան, որուն անձամբ չեմ ճանչնար, առաջին բարերարը եղաւ այս առաքելութեան։ Երբ նկարեցի այն ծերունին, որուն հասաւ առաջին օգնութիւնը եւ իրեն ղրկեցի, ան քաջալերուեցաւ եւ աւելիով գումարներ ղրկեց եւ այսպէս շարունակեցի տեսանկարել իմ այցերը անապահով խաւի մեր հայրենակիցներուն ու բոլոր նիւթերը տեղադրել էջիս մէջ: Կարճ ժամանակի ընթացքին շատեր սկսան կապուիլ հետս եւ ըսել. «Քու աշխատելաձեւդ կը յարգենք եւ գիտենք, թէ ո՛ւր կը հասնի մեր օգնութիւնը ու ատոր համար ալ պատրաստ ենք օգնելու»։ Անոնք նաեւ յաճախ կ՚արտայայտուէին, թէ իրենք լուր չունէին որ Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ այսքան կարիքաւոր կայ։ Աւելի ուշ 2020-ին, երբ նաւահանգիստի պայթումը եղաւ եւ ամէն կողմէ Լիբանան օգնութիւն սկսաւ հասնիլ, ստիպուեցայ գործս ձգել եւ այսպէս սկսայ այս առաքելութեան:
-Երբեք չէինք կրնար երեւակայել որ այսքան աղքատութիւն կայ Պէյրութի մէջ։ Արդեօք ի՞նչ է պատճառը այս տխուր վիճակին։
Կրնամ ըսել, որ կան կարիքաւորներ. ինչպէս՝ ծերունիները, որոնք զաւակ չունին կա՛մ լքուած են եւ մինակ կ՚ապրին, թէեւ անոնք յաճախ կ՚օգտուին կուսակցութիւններէն, եկեղեցիներէն, նաեւ կան հիւանդները, որոնք դեղօրայքի տագնապ կ՚ապրին եւ վիճակնին կը վատթառանայ օրէ օր: Տոլարի սակին բարձրացումը, տնտեսական վիճակին ամեհի անկումը ամբողջ Լիբանանը տակնուվրայ ըրաւ։ Ամսականները դարձան աննշան, վրայ հասաւ սղութիւնը։ Օրինակ մը տալու համար ըսեմ, որ Ֆրանսայի մէջ եթէ դեղ մը 4 տոլար է, ապա Լիբանանի մէջ նոյն դեղը 25 տոլար կ՚արժէ:
-Եթէ անդրադառնանք ձեր գործունէութեան, ան ունի երկու շրջան։ Առաջինը՝ համարձակ երգիչ մը, իսկ երկրորդը՝ ձեր այսօրուայ ընկերային-բարեսիրական գործունէութիւնը։ Աւելի լա՞ւ է այս առաքելութիւնը շարունակել, թէ պիտի նախընտրէիք վերադառնալ երգին ու երաժշտութեան։
Երկուքն ալ իրենց դժուարութիւնները ունին, դեռ մինչեւ այսօր կը մտածեմ ռափը շարունակել։ Օրին ալ քննադատութիւնները անտեսած եմ ու երգած։ Ըսեմ նաեւ, որ մինչեւ օրս զիս քննադատողներ կան, բայց ես կը նայիմ, թէ ինչպէս պիտի բարելաւեմ իմ գործս։ Եթէ իբրեւ ռափըր ժողովուրդը պիտի չճանչնար զիս եւ այս աշխատանքը պիտի չկարենայի կատարել: Յաճախ բարերարները չեմ տեսած, բայց, մեր միջեւ վստահութիւնը երկկողմանի է։ Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն, Ֆրանսայէն, Տուպայիէն կամ Քաթարէն, չեն ճանչնար զիս, բայց այդ երաժշտութիւնը զիս ճանաչելի դարձուց։ Անոնցմէ շատեր հետեւեցան դիմատետրի էջիս, որու միջոցաւ տարածուեցան օգնութեան տեսերիզները։
-Ինչպէ՞ս է լիբանանահայութեան ապագան։
Եթէ այսպէս շարունակուի, ո՛չ միայն լիբանանահայը, այլ Լիբանանի ամբողջ երիտասարդութիւնը պիտի գաղթէ: Իմ կարծիքով՝ անտէր ծերը հոս պիտի մնայ, մնացեալը բոլորը պիտի արտագաղթեն: Երիտասարդները առիթներ չունին իրենց վիճակը բարելաւելու համար, բեռը ծանր է, ապահովագրութիւն չկայ, ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկ չմնաց, այս վիճակով ինչպէս պիտի դիմանայ երիտասարդը, հետեւաբար, պիտի ձգէ ու երթայ: Ոչ մէկը գիտէ, թէ ինչպէս պիտի լուծուի Լիբանանի դժուարին հարցը։
-Իսկ միութիւնները կամ ոչ-քրիստոնեայ կողմը նոյն հարցերը կը դիմագրաւէ՞ կամ այս միայն քրիստոնեաներու խնդիրն է:
Ո՛չ, հարցը կը վերաբերի ընդհանուրին։ Միայն մեծահարուստը կը դիմանայ այս երկրին մէջ, բայց, տեղ մը կու գայ, որ մեծահարուստն ալ գնելիք ապրանք չի գտներ եւ իր ունեցած գումարով խայտառակ կ՚ըլլայ: Այլազգիները մեզմէ թիւով աւելի շատ են ու անոնք եւս կը գաղթեն։ Հաշուի առէք, որ քրիստոնեաներուն համար ալ երկրէն հեռանալը բաւական դժուար է, որովհետեւ կերպով մը արտագաղթի բոլոր հիմնական դռները փակ են։ Եւ ինչպէս վերը նշեցի, ստեղծուած վիճակը բոլորին համար բարդ է, ոչ միայն քրիստոնեայ տարրին։ Ան որ երկրին մէջ կը մնայ, պատճառ մը ունի հոս մնալու՝ կալուածներ ունի եւ չ՚ուզեր զանոնք կորսնցնել։ Անշուշտ, ան որ կարիքաւոր է, կը ձգէ կ՚երթայ. Տեղեակ ենք, որ բոլոր համայնքներէն, բոլոր յարանուանութիւններէն բազմաթիւներ գաղթեցին, որովհետեւ չկրցան դիմանալ։
-Ձեր վերջին խօսքը։
Նախ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր բարերարներուն, որոնք մինչեւ հիմա չմոռցան լիբանանահայութիւնը։ Առանց անոնց օժանդակութիւններուն՝ կարելի պիտի չըլլար այս բոլորը ընել: Կ՚ուզեմ անգամ մը եւս խնդրել, որ չմոռնաք մեզ, ճիշդ է Հայաստանը պիտի չմոռնանք, մերն է, պիտի օգնենք, բայց հոս ալ կան մարդիկ, որոնք պատերազմ տեսան, հիմա ալ տնտեսական պատերազմ կը տեսնեն, թող չմոռցուի լիբանանահայութիւնը։ Մենք հոս մեծ անցեալ եւ պատմութիւն ունինք, շատ յարգուած ենք, հզօր պատմութիւն ունինք: Կեդրոններ կառուցած, կազմակերպութիւններ հիմնած, կառավարութեան մէջ, խորհրդարանին մէջ ձայն ունինք, սիրուած ժողովուրդ ենք, մեզ մի՛ մոռնաք, նաեւ մեր պատմութիւնն ալ թող չմոռցուի, թող չըսեն, որ միայն հայ են, թող ըսեն լիբանանահայ են:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս