image

ՔԿ-ն ներկայացուցած է հոգեւորականները բերման ենթարկելու պատճառը

ՔԿ-ն ներկայացուցած է հոգեւորականները բերման ենթարկելու պատճառը

Հոգեւորականները բերման ենթարկուած են՝ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ ատով պայմանաւորուած ազդեցութիւնն օգտագործելով՝ հաւաքներուն մասնակցիլը խոչընդոտելու կամ հարկադրելու դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան շրջածիրէն ներս։ Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն:

«Իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ դրանցով պայմանաւորուած ազդեցութիւնն օգտագործելով հաւաք անցկացնելուն կամ դրան մասնակցելուն խոչընդոտելու կամ հարկադրելու, ինչպէս նաեւ հաւաքին մասնակցելու կամ հաւաքին մասնակցելուց հրաժարուելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռելու դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան շրջանակներում կատարւում են վարութային եւ ապացուցողական անհրաժեշտ գործողութիւններ: Լրացուցիչ հանդէս կը գանք յայտարարութեամբ»,- յայտնած են ՔԿ-էն:

Փաստաբան Արա Զոհրաբեանը յայտնած է, որ այսօր Արագածոտնի թեմի 6 հոգեւորական եւ Մկրտիչ Սրբազանը բերման ենթարկած են անոնց բնակարանները խուզարկելէ ետք:

Մկրտիչ սրբազանի գտնուելու վայրը յայտնի չէ, քննչական կոմիտէն տեղեկութիւն չի յայտներ, իսկ քննչական խումբի ղեկավարը կ՚ըսէ տեղեակ չեմ, թե ուր է: