image

Սուրիա. Թեմակալ Առաջնորդի այցը՝ Եագուպիէ (Լուսանկարներ)

Սուրիա. Թեմակալ Առաջնորդի այցը՝  Եագուպիէ (Լուսանկարներ)

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, հովուական այցելութիւն տուած է Եագուպիէ, ուր հանդիպում ունեցած է Ս. Աննա ուխտատեղի մատրան թաղական խորհուրդին հետ եւ մօտէն հետեւած եկեղեցւոյ մէջ տարուող բարեկարգումի աշխատանքներուն։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Շաբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հովուական այցելութիւն տուաւ Եագուպիէ, ընկերակցութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի։

Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Ս. Աննա ուխտատեղի մատրան թաղական խորհուրդին հետ եւ մօտէն հետեւեցաւ եկեղեցւոյ մէջ տարուող բարեկարգումի աշխատանքներուն։ Սրբազան Հայրը տեսակցեցաւ նաեւ լատին համայնքի հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթիին հետ։ 

Ան այցելեց նաեւ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, ուր հետեւեցաւ եկեղեցւոյ եւ անոր յարակից Ազգ. գերեզմանատան վերանորոգութեան աշխատանքներուն։

Եագուպիէի մէջ շրջելով, Սրբազան Հայրը ծանօթացաւ ներկայ իրավիճակին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես 25-է աւելի եագուպիահայ ընտանիքներու վերադարձը եւ իրենց բնակարաններու վերանորոգութեան համար տարուող աշխատանքը։

Սրբազան Հայրը իր հայրական յորդորները փոխանցելով գնահատեց թաղական խորհուրդին եւ հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթիին թափած ջանքերը տարածաշրջանը վերածաղկեցնելու ուղղութեամբ։