Պաղեստինի նախագահական գրասենեակը խստօրէն դատապարտած է «Համաս»-ի կողմէ վերջին օրերուն Կազայի հատուածին մէջ տասնեակ քաղաքացիներու նկատմամբ կատարուած օրէնքէ դուրս եւ առանց արդար դատավարութեան մահապատիժները։ Այս մասին կը հաղորդէ պաղեստինեան WAFA գործակալութիւնը։
Նախագահական գրասենեակը այս յանցագործութիւնները որակած է «նողկալի եւ անընդունելի՝ որեւէ պատրուակով»։
Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ տեղի ունեցածը յանցագործութիւն է՝ մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքի լուրջ խախտում։
«Այն կ՚արտացոլէ շարժման յամառութիւնը՝ իր իշխանութիւնը ուժի եւ ահաբեկչութեան միջոցով պարտադրելու առումով, այն ժամանակ, երբ Կազայի ժողովուրդը կը տառապի պատերազմէ, աւերածութիւններէ եւ շրջափակումէ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Գրասենեակը աւելցուցած է, որ նման վարքագիծը կը խաթարէ պաղեստինեան ժողովուրդի միասնութիւնը եւ լիովին անհամատեղելի է ազգային ու բարոյական արժէքներու, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի պետութեան հաստատութիւնները մէկ իշխանութեան, մէկ օրէնքի եւ մէկ զէնքի ներքոյ միաւորելու շարունակական ջանքերու հետ։
Նախագահական գրասենեակը կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու այս խախտումները, պաշտպանելու անպաշտպան քաղաքացիները եւ ապահովելու, որ այս յանցագործութիւններուն մէջ ներգրաւուած բոլոր անձերը պատասխանատուութեան ենթարկուին պաղեստինեան օրէնքի եւ արդարադատութեան շրջածիրէն ներս։
Բացի այդ, գրասենեակը ընդգծած է, որ Կազայի գօտին Պաղեստինի պետութեան անբաժանելի մասն է, եւ թէ օրէնքի գերակայութեան ու օրինական հիմնարկներու վերականգնումը՝ քաոսին վերջ տալու եւ ազգային վստահութիւնը վերականգնելու միակ միջոցն է՝ հիմնուած արդարադատութեան եւ պաղեստինեան ժողովուրդի արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքի վրայ։
Նախագահական գրասենեակը «Համաս»-ը ամբողջովին պատասխանատու ճանչցած է այս յանցագործութիւններուն համար, որոնք վնաս կը հասցնեն ժողովուրդի գերագոյն շահերուն։
Աւելի առաջ հաղորդուած էր, որ «Համաս»-ի անդամներու եւ անոր մրցակիցներու միջեւ բախումներու հետեւանքով տասնեակ մարդիկ զոհուած եւ մահապատժի ենթարկուած են։