Այսօր առաւօտեան ձերբակալուած ու ՀՀ քննչական կոմիտէ տարուած են Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանն ու թեմի եւս 5 հոգեւորական։ Այս մասին յայտնած է փաստաբան Արա Զորաբեանը։
Լուրը հաստատած է նաեւ Մայր Աթոռը։
«Այս պահին Երեւան քաղաքի քննչական կոմիտէում են գտնւում տէր Փառէն, տէր Մանուկ, տէր Հայկ, տէր Մկրտիչ, տէր Ղեւոնդ քահանաները»,–ըսած է Զոհրաբեանը։
Փաստաբանը նշած է, որ ձերբակալուած են նաեւ քաղաքացիական անձինք։ Իրաւապահները դեռ չեն յայտնած, թէ ինչ կասկածանքով, սակայն փաստաբանները կը կարծեն, որ հիմքը տէր Արամի՝ սեպտեմբեր 16-ին Հանրայինի տաղավարի մէջ ըրած յայտարարութիւնն է, թէ «2021 թուականի ընդդիմութեան ցոյցերուն մասնակցեր է ոչ իր ցանկութեամբ»։