Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Իսթանպուլ՝ մասնակցելու Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԱՀԿ ԽՎ) աշնանային նստաշրջանի աշխատանքներուն։
Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւնը Թուրքիա պիտի մեկնի նոյեմբեր 16-20-ը։
Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի որոշման համաձայն՝ պատուիրակութեան կազմին մէջ են Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԱՀԿ ԽՎ) մէջ Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեանը, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Մարիա Կարապետեանը, Լիլիթ Մինասեանը, Արթուր Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ պատուիրակութեան քարտուղար՝ Ազգային ժողովի աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան միջազգային կազմակերպութիւններու բաժնի գլխաւոր մասնագէտ Մարիամ Հաճի-Յակոբեանը։