Իսրայէլեան ուժերը հոկտեմբեր 15-ին ներխուժած են Սուրիոյ Քունէյթրա նահանգի բնակավայրեր եւ խուզարկութիւններ կատարած։ Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական SANA գործակալութիւնը։
Գործակալութեան թղթակիցը կը տեղեկացնէ, որ ութ ռազմական մեքենայէ, ծանր զրահափոխադրիչէ եւ երկու հրասայլէ բաղկացած իսրայէլեան ուժերը Քրում Ճապա բլուրի շրջակայքէն ներխուժած են Արեւելեան Սամտանիա բնակավայր, ապա քանի մը ժամ ետք դուրս եկած են անկէ։
Թղթակիցը նշած է, որ իսրայէլեան ուժերու մէկ այլ խումբ ներխուժած է Օֆանիա գիւղ եւ խուզարկութիւններ կատարած երկու տուներու մէջ, ապա դուրս եկած բնակավայրէն։
Յիշեցնենք, որ 2024-ի դեկտեմբերին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի՝ իշխանութենէն հեռանալէն ետք Իսրայէլը ցամաքային ներխուժումներ կը կատարէ Սուրիոյ Քունէյթրա եւ Տարաա շրջաններուն մէջ՝ փորձելով վերահսկողութիւն հաստատել բախարգելային (պուֆերային) գօտիին վրայ։
Իսրայէլը նաեւ դիմած է սահմանային շրջաններու ռմբակոծութիւններու՝ խախտելով միջազգային օրէնսդրութեան կանոնները, ՄԱԿ-ի՝ պետական ինքնիշխանութեան վերաբերեալ բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ 1974-ին ստորագրուած անջատման մասին համաձայնագիրը, որ ստեղծած էր բախարգելային (պուֆերային) գօտի երկու երկիրներուն միջեւ։