image

Կարեւոր այցելութիւն. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնած է Ղազախիստան

 Կարեւոր այցելութիւն. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնած է Ղազախիստան

Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի պատմութեան մէջ, թերեւս առաջին անգամն է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Հայրապետը կը մեկնի Ղազախիստան։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի  միջազգային մակարդակի յարաբերութիւններուն եւ միջ-եկեղեցական տարբեր հարթակներու կողմէ Վեհին հանդէպ ցոյց տրուած յարգանքին եւ պատկառանքին մասին գիտենք բոլորս։Գիտենք նաեւ, որ Արամ Ա. Վեհափառը իր ունեցած բազմապիսի յարաբերութիւններուն ընթացքին միշտ ալ վեր հանած է հայութեան եւ Հայաստանի հիմնահարցերը եւ շնորհիւ իր իմաստուն խօսքին եւ հպարտառիթ կեցուածքներուն լաւագոյնս ներկայացնել մեր հարցն ու դատը։ 

 Ու աւելի քան ապահով ենք, որ դէպի Ղազախիստան կատարուած սոյն այցը օգտակար այց մը պիտի հանդիսանայ, ոչ միայն Կիլիկեան նուիրական Սուրբ Աթոռին, այլ համայն հայութեան եւ Մայր Հայաստանին համար։

 

 Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետի այցին մասին «Կիլիկիա» հարթակին տեղեկագրած տուեալները՝ 

Այսօր՝ Երկուշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Տուպայի ճամբով մեկնեցաւ Ասթանա՝ ընդառաջելով Ղազախիստանի պետութեան հրաւէրին։ Նորին Սրբութիւնը պիտի մասնակցի պետութեան կողմէ կազմակերպուած աշխարհի բոլոր կրօններու հոգեւոր պետերու միջազգային գագաթնաժողովին, ինչպէս նաեւ ներկայ պիտի գտնուի այլ ձեռնարկներու։

Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ ռուս եկեղեցւոյ պետ Քիրիլ Պատրիարքին, Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Թէոֆիլոս Գ. Պատրիարքին եւ այլ կրօնապետերու հետ։

Յիշեալ այցելութեան Վեհափառ Հայրապետին պիտի ընկերանայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան։