Սուրիան Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ իր յարաբերութիւնները կը կառուցէ կը կառուցէ ռազմավարական շահերու հիման վրայ, իսկ Մոսկուայի հետ ունեցած յարաբերութիւնները չեն հակասեր այլ երկիրներու շահերուն։ Այս մասին CBS News-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ։
«Սուրիան այսօր հաստատած է հանգիստ եւ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ՝ ռազմավարական շահերու հիման վրայ, – ըսած է ան։ – Մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ չեն հակասեր Արեւմուտքի կամ Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւններուն»։
Շարըհ աւելցուցած է, որ Դամասկոսի նոր իշխանութիւնները «դրական ազդանշաններ» ստացած են Մոսկուայէն եւ Փեքինէն։
SANA գործակալութեան համաձայն՝ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ հոկտեմբեր 15-ին պաշտօնական այցով մեկնած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն։ Նախագահի գրասենեակը յայտնած է, որ այցի ընթացքին ան պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու ընդհանուր շահերուն ծառայող համագործակցութեան ընդլայնման ուղիները։
Նախագահը պիտի ունենայ հանդիպում նաեւ Ռուսիոյ մէջ բնակող սուրիական համայնքի հետ։
Նշենք, որ Շարըհ փետրուարին ունեցած էր հեռաձայնային զրոյց մը նախագահ Փութինի հետ, որու ընթացքին Ռուսիոյ ղեկավարը վերահաստատած էր իր երկրի աջակցութիւնը Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ կայունութեան։ Ան նաեւ նշած էր, որ Ռուսիան պատրաստ է վերանայելու նախկին իշխանութեան հետ կնքուած համաձայնագրերը եւ անհրաժեշտ կը նկատէ Սուրիոյ նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցներու վերացումը։