Ըստ Մազլումեանի, Եգիպտոսը առանցքային երկիր է՝ խաղաղութիւն կերտող ուժ, իսկ Թրամփի ներկայութիւնը «Շարմ Ալ Շէյխ»ի գագաթնաժողովին՝ ունի կարեւոր խորհրդանշական նշանակութիւն։ Խօսելով այս գագաթաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան մասին, ապա Մազլումեան նշեց, թէ «Հայաստանը թէեւ փոքր պետութիւն է, սակայն այն դարձած է հիմնական դերակատար մը տարածաշրջանին մէջ, իսկ Գահիրէ կոչ ըրած է Երեւանին՝ մասնակցելու Կազայի վերակառուցման աշխատանքներուն»։
Հայաստանի մասնակցութիւնը «Շարմ Ալ Շէյխ»ի խաղաղութեան գագաթնաժողովին կը բխի ժողովուրդներու իրաւունքներուն հանդէպ յարգանքէն, ինքնորոշման իրաւունքը խաղաղ միջոցներով պաշտպանելու սկզբունքէն, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման հաստատումէն։
Ինչպէս գիտենք, օրերս Եգիպտոսի «Շարմ Ալ Շէյխ» քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Կազայի տագնապին յատկացուած միջազգային գագաթաժողով մը նախագահութեամբ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ Ալ Սիիսին, իսկ ժողովին գլխաւոր ստորագրութիւնը կը պատկանէր ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ այս առիթով ալ ժամանած էր՝ Եգիպտոս։
Տեղի մեծ տարածում ունեցող կայքերէն՝ «Ալ Մասրի ալ եոմ» կայքը այս առթիւ եւ տարբեր ներկայացուցիչներու կողքին ամփոփ զրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ տօքթ. Արմէն Մազլումեանին հետ, եւ նիւթի շահեկանութեան համար զայն արաբերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի ընթերցողներուն։
«Ալ Մասրի Ալ Եոմ» կը գրէ՝
«Տօքթ. Արմէն Մազլումեան, Եգիպտոսի մէջ գործող Ազգային Հայկական Յանձնաժողովի նախագահը, իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ Եգիպտոսը հզօր երկիր է, եւ ամբողջ աշխարհը գիտէ այդ մասին ։ «Ուժն է, որ կը պարտադրէ խաղաղութիւն»,— ըսաւ ան՝ աւելցնելով, թէ «Շարմ Ալ Շէյխ»ի խաղաղութեան գագաթնաժողովը, որուն մասնակցեցան աշխարհի ղեկավարները, «երազ մըն էր», զոր Եգիպտոս իրականացուց երկու տարուան շարունակական ճիգերու շնորհիւ ՝ կանխելու համար պաղեստինցիներու հարկադրական տեղահանութիւնը Կազայի գօտիէն։ «Եթէ նախագահ Ալ Սիսիի ղեկավարած Եգիպտոսը պատուար չըլլար, տեղահանութիւնը արդէն իրականացած պիտի ըլլար»,– շեշտեց ան։
Մազլումեան նաեւ նշեց, թէ Եգիպտոսը միշտ ալ խաղաղութեան կողքին է եւ կը գործէ այդ նպատակով ամբողջ աշխարհին մէջ։ Ան աւելցուց, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ներկայութիւնը կը նշանակէ, որ Եգիպտոս կրնայ ամրապնդել խաղաղութիւնը թէ՛ տարածաշրջանին, թէ՛ աշխարհին մէջ։
Ըստ Մազլումեանի, Եգիպտոսը առանցքային երկիր է՝ խաղաղութիւն կերտող ուժ, իսկ Թրամփի ներկայութիւնը «Շարմ Ալ Շէյխ»ի գագաթնաժողովին՝ ունի կարեւոր խորհրդանշական նշանակութիւն։ Խօսելով այս գագաթաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան մասին, ապա Մազլումեան նշեց, թէ «Հայաստանը թէեւ փոքր պետութիւն է, սակայն այն դարձած է հիմնական դերակատար մը տարածաշրջանին մէջ, իսկ Գահիրէ կոչ ըրած է Երեւանին՝ մասնակցելու Կազայի վերակառուցման աշխատանքներուն»։
Հայաստանի մասնակցութիւնը «Շարմ Ալ Շէյխ»ի խաղաղութեան գագաթնաժողովին կը բխի ժողովուրդներու իրաւունքներուն հանդէպ յարգանքէն, ինքնորոշման իրաւունքը խաղաղ միջոցներով պաշտպանելու սկզբունքէն, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման հաստատումէն»։
Նիւթը պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը