Յունիս 28-ին ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Ժամը 21:30-ի սահմաններուն Մարտունիի տարածաշրջանի գիւղերէն մէկուն բնակիչը ահազանգած է ոստիկանութեան Մարտունիի բաժին եւ յայտնած, որ գիւղի ծայրամասին գտնուող գոմերէն մէկուն մէջ հակի թելէ կախուած վիճակին մէջ յայտնաբերած է իր որդիի դին:
Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանները գոմին մէջ յայտնաբերած են նոյն գիւղի բնակիչ, 15-ամեայ Շ. Բ.-ի դին:
Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն` դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած:
Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը մի քանի վարկածի ուղղութեամբ կ'աշխատին, այդ շարքին` ինքնասպանութեան:
Մահացած երեխան ընտանիքի կրտսեր որդին էր: