image
Հրատապ լուրեր:

Կախուած երիտասարդի դի. Ողբերգական դէպք Գեղարքունիքի մէջ

Կախուած  երիտասարդի  դի. Ողբերգական դէպք  Գեղարքունիքի մէջ

Յունիս 28-ին ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Ժամը 21:30-ի սահմաններուն Մարտունիի տարածաշրջանի գիւղերէն մէկուն բնակիչը ահազանգած է ոստիկանութեան Մարտունիի բաժին եւ յայտնած, որ գիւղի ծայրամասին գտնուող գոմերէն մէկուն մէջ հակի թելէ կախուած վիճակին մէջ յայտնաբերած է իր որդիի դին:

Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանները գոմին մէջ յայտնաբերած են նոյն գիւղի բնակիչ, 15-ամեայ Շ. Բ.-ի դին:

Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն` դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած:

Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը մի քանի վարկածի ուղղութեամբ կ'աշխատին, այդ շարքին` ինքնասպանութեան:

Մահացած երեխան ընտանիքի կրտսեր որդին էր: